image

Արցախի մէջ ական պայթած է. Կայ 3 զոհ եւ վիրաւորներ

Արցախի մէջ ական պայթած է. Կայ 3 զոհ եւ վիրաւորներ

Արցախի Հանրապետութեան մէջ այսօր ականի պայթումէն երեք մարդ զոհուած է, եւ այլ երկուքը վիրաւորուած են, այս մասին յայտնած է Արցախի Նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեանը։  

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Shamshyan.com-ը, դէպքը տեղի ունեցած է Մարտակերտ քաղաքի հարեւանութեամբ գտնուող չեզոք գօտիի մէջ, ուր ինքնաշարժ մը պայթած է ականին վրայ։

Ըստ կայքին, պայթումի հետեւանքով 3 հոգի մահացած են, 2 հոգի մարմնական վնասվածքներ ստացած են: Տուժածները զինուորականներ չեն, այլ ականազերծմամբ զբաղուողներ։