image

«Ծառայեցի ոչ թէ հրամանով, այլ սրտով». Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոս Բարոյեանի մասին

   «Ծառայեցի ոչ թէ հրամանով, այլ սրտով». Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոս Բարոյեանի մասին

Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

 

 

Յիշատակն՝ անջնջելի է

Խորէն Ա. կը վախճանի 1983 թուականին՝ իր պաշտօնին մէջ։ Անոր մահը համաժողովրդական ցաւ պատճառեց՝ քանի որ ինք մըն էր վերջին տարիներու մեծանուն առաջնորդներէն, որ միաժամանակ հաւասարապէս սիրուած էր մտաւորականներու , հաւատացեալներու, քաղաքական գործիչներ եւ պարզ ու համեստ ուխտաւորներու կողմէ։

Այսօր, երբ հայ եկեղեցին եւ սփիւռքահայութիւնը կը դիմագրաւեն նոր մարտահրաւէրներ, Խորէն Ա.-ի խօսքը, օրինակը ու կառոյցները կը մնան ապրող ժառանգութիւն։

«Ծառայեցի ոչ թէ հրամանով, այլ սրտով», – կ'ըսէր ինք։

Եւ այդ սիրտը տակաւին կը բաբախէ իր կերտած կեդրոններուն մէջ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Առաջին Կաթողիկոսի հանդէպ մեծ համարումս կու գայ վաղ պատանեկութեանս օրերէն։ Հազիւ տարեկան երեխայ էի ու ընտանեօք կ՚այցելէինք Անթիլիասի մայրավանք։ Այդ օրերուն Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս մեկնիլը մեծ «արարողակարգ» էր։ Պատճառը փոխադրութեան միջոց չունենալը չէր, այլ ծնողներուս բազմազբաղ ըլլալը։ Կը յիշեմ Սպիտակ Մօրուքով Վեհափառը, դէմէն լոյս կաթող, բարութեան եւ օրհնութեան խորհրդանիշ։ Ու տարիներն այդքան թաւալեցան ու այդ օրերու Անթիլիասի Մայրավանքի պատկերը այդքան հեռացաւ... բայց մնաց Վեհափառ Հայրապետը, իր իսկական եւ թելադրական կերպարով։ Վստահաբար իմ սերունդին մէջ եղած են սաներ, որոնք Վեհափառի օրհնութիւնն ալ ստացած են ... Անոնցմէ շատեր Մարտիկեան վարժարան կը յաճախէին, որ կը գործէր Անթիլիասի շրջափակին մէջ (Կարծեմ պատերազմական իրադրութեան ի հետեւանք) ու նաեւ ապահով եմ, որ անոնցմէ շատեր այսօր պիտի կարդան այս գրառումը ու ոգեղէն մեծ բաւարարուածութիւն պիտի զգան, քանի մօտէն տեսած են Վեհափառը, մօտէն շփուած են անոր հետ, ու համբուրած են անոր Միւռոնաօծ Աջը։ 

Անշուշտ հարկ կը համարեմ այստեղ կարեւոր միտք մը եւս աւելցնել, գրելու համար, որ Խորէն Առաջին Կաթողիկոսը Կիլիկեան Աթոռի գահը բարձրացաւ բաւականին բարդ փուլի մը։ Սովետը այդ օրերուն (եւ անկէ առաջ յատկապէս Ազգային-Եկեղեցական տագնապի ժամանակ) փորձած էր ամէն ինչ ընել, ոչ միայն թուլացնելու Անթիլիասի Սուրբ Աթոռին դերն ու դերակատարութիւնը, այլ նոյնիսկ այդ Աթոռը վերածելու Պատրիարքութեան … կամ Առաջնորդութեան։ 

Այստեղ եւ այս օրերուն այդ հին սեւ տետրակները պիտի չբանամ։ Պատմութիւնը գիտցողները շատ լաւ կը հասկնան ըսածս… բայց պարտաւոր եմ նշելու, որ շնորհիւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի իմաստուն եւ խրոխտ մօտեցումներուն Անթիլիասը դուրս եկաւ տագնապէն ու բռնեց դէպի զարգացում եւ արդիականութիւն ու քրիստոնէական- հայակերտումի իսկական ճանապարհը։ Եւ այդ առաքելութեան մէջ շատ բան կրնար պակսիլ, եթէ չըլլար Խորէն Ա. Բարոյեան Հայրապետի մեծ աւանդը։ 

Ի դէպ Խորէն Վեհափառը յիշատակելուս իրական պատճառը այս օրերուն հրապարակուած տեսանիւթ մըն է, ուր լրագրողի անգիտութեան պատճառով ՎԵՀԱՓԱՌԻ լուսանկարը տեղադրուած է Մայր Աթոռի նուիրական մէկ հայրապետին՝ Խորէն Ա. Մուրատբէկեանի լուսանկարին փոխարէն։

Չեմ ուզեր անուանարկումներ կատարել, սխալած են, թող սորվին ու սրբագրեն … Բայց եւ այնպէս բոլոր հայերը շատ լաւ եւ ընդգծելիօրէն պէտք է ճանչնան Անթիլիասի Մեծ Վեհափառ Խորէն Առաջին Հայրապետի իրական աւանդն ու նուիրական գործը։

Ստորեւ ալ կը տեղադրեմ Խորէն Ա. Հայրապետի մասին հակիրճ եւ բովանդակալից ծանօթացման հատուած մը։

Հ. 

Խորէն Ա. Կաթողիկոս — Լոյսի ու Հոգեւոր Վարչութեան Դէմք մը

Հայ եկեղեցական եւ ազգային մտքի երախտաշատ դէմքերէն մէկը՝ Խորէն Ա. Բարոյեան ծնած է 1914 թուականին՝ Նիկոսիա, Կիպրոս։ Կիպրոսի «Մելիքեան» վարժարանը աւարտելէ ետք պատանին՝ Մեսրոպ կ՚ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքը։ 

Կրթութիւն ստացած է իբրեւ ուխտեալ միաբան՝ Հայկազեան Ժառանգաւորաց վարժարանէն ներս։ Ան գրող էր, մանկավարժ, թարգմանիչ ու հոգեւորական՝ միաժամանակ։ Այս բազմաշերտ պատրաստութիւնը պիտի ձեւաւորէ իր կաթողիկոսական մօտեցումը։

Կաթողիկոսութիւնը (1963–1983 թթ.)

Խորէն Ա. Կաթողիկոս կը ուղենշային կը դարձնէ իր ծառայութիւնը միաբանական խստապահանջութեամբ եւ միաժամանակ՝ լայնախոհ մտաւորականութեամբ։ Ան իր կաթողիկոսութեան ընթացքին կը վերակազմակերպէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ զայն դարձնելով սփիւռքահայ հոգեւոր, կրթական ու մշակութային իրական կեդրոնի։ 

• Վերահիմնեց եւ հզօրացուց Ժառանգաւորաց Վարժարանը

• Խթանեց ազգային գիտական գործերէն շատերու հրատարակութիւնը

• Առաջնորդեց սփիւռքի թեմերը՝ ոչ միայն որպէս եկեղեցական կեդրոն, այլ՝ որպէս ինքնութեան պահպանման յենարան

• Ներգործեց միջեկեղեցական երկխօսութիւններու մէջ՝ արժանանալով միջազգային հարգանքի

Իր հոգեւորութիւնը՝ հզօր ու բաց

Խորէն Ա. Կաթողիկոս չէր վախնար արարողակարգային նեղ կաղապարէն դուրս ելլել։ Ան հաւատացեալին հետ կը խօսէր իր մայրենիով, երիտասարդութիւնը կը խրախուսէր ուսման ու համայնքային ներգրաւմամբ։ Անոր ոճը լուռ իշխանութիւն մըն էր՝ հիմնուած իմացութեան, բարոյական տոկունութեան եւ ծառայողական նկարագրի վրայ։

Գրական ժառանգութիւն

Խորէն Ա. կը թողու հռչակաւոր գրութիւններ, աստուածաբանական, մատենագիտական ու մանկավարժական բնոյթով։ Հայերէնի կը թարգմանէր բազմաթիւ արժէքաւոր գործեր, իսկ իր վարդապետական ոճը պարզ էր, ճշդուած եւ հոգեւոր խորքով լի։

Յիշատակն՝ անջնջելի է

Խորէն Ա. կը վախճանի 1983 թուականին՝ իր պաշտօնին մէջ։ Անոր մահը համաժողովրդական ցաւ պատճառեց՝ քանի որ ինք մըն էր վերջին տարիներու մեծանուն առաջնորդներէն, որ միաժամանակ հաւասարապէս սիրուած էր մտաւորականներու , հաւատացեալներու, քաղաքական գործիչներ եւ պարզ ու համեստ ուխտաւորներու կողմէ։

Այսօր, երբ հայ եկեղեցին եւ սփիւռքահայութիւնը կը դիմագրաւեն նոր մարտահրաւէրներ, Խորէն Ա.-ի խօսքը, օրինակը ու կառոյցները կը մնան ապրող ժառանգութիւն։

«Ծառայեցի ոչ թէ հրամանով, այլ սրտով», – կ'ըսէր ինք։

Եւ այդ սիրտը տակաւին կը բաբախէ իր կերտած կեդրոններուն մէջ։

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...