image

Անթիլիաս. Հրապարակուած է Արամ Ա. Կաթողիկոսի 30-ամեայ առաքելութեան մասին արժէքաւոր հատոր մը

Անթիլիաս. Հրապարակուած է Արամ Ա. Կաթողիկոսի 30-ամեայ առաքելութեան մասին արժէքաւոր հատոր մը

Օրերս  Լիբանանի մէջ լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 30-ամեայ առաքելութեան նուիրուած ուշագրաւ հատոր մը։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը («Կիլիկիա» հարթակէն).-

Վերջերս լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին գահակալութեան 30 տարիներու առաքելութեան կարեւոր բնագաւառները պարզող պատկերազարդ հատոր մը (քաթալոկ)՝ հայերէն ու անգլերէն լեզուներով:

Յիշեալ հատորը կը բովանդակէ ընտրուած պատկերներ, անոնց մասին հակիրճ տեղեկութիւններ, կարեւոր դէպքերու նշումներ եւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամներէն մէջբերումներ:

Աւելի քան 400 էջերու վրայ տարածուած այս հատորը ընդհանուր գիծերով կը պարզէ ո՛չ միայն Վեհափառ Հայրապետին ծառայութեան յատկանշական երեսները, այլեւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան էական մարզերը: