Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ու «Փիւնիկ»ի խաղցող Արազ Օզպիլիսը մարզուած է ռազմական գործողութիւններու պատճառով Արցախէն Երեւան տեղափոխուած երեխաներուն հետ:
Ան լուսանկարներ հրապարակած է Ինսթակրամի իր էջին ու գրած է, որ երեխաները պէտք է ազատ ու ապահով ապրին:
«Հաճոյք ունեցած են Արցախէն ժամանած երեխաներուն հետ մարզուելու։ Երեխաներուն դէմքին ժպիտ տեսնելու փափաքս կը ստիպէ զիս կանգ տալ ժամանակն ու այդ պատկերը մինչեւ կեանքիս վերջը պահել»։