Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, որ «Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք՝ Աստուածաշունչը ընկալենք պատմութիւններու եւ վարժութիւններու ճամբով» գիրքի հրատարակութեան մասին։
Այս գիրքը գեղեցիկ, 144 էջնոց հատոր մըն է, որ գրուած է Սուսաննա Եաշի եւ Քրիստինա Շնիւրլէի կողմէ եւ նկարազարդուած է Մաթիաս Վեպերի կողմէ։ Անիկա կեանք կու տայ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն կարեւորագոյն պատմութիւններուն՝ մատչելի եւ տեսողականօրէն գրաւիչ ձեւով։ 7-էն մինչեւ 13 տարեկան երեխաները հրապուրուած պիտի ըլլան Արարչութեան, Նոյեան Տապանին եւ Յիսուսի կեանքին մասին պատմութիւններով՝ ծնունդէն մինչեւ յարութիւնը։ Այս գիրքը պարզ պատմութիւններու ժողովածու մը չէ, այլ այդ կը պարունակէ հետաքրքրական հարցումներ՝ երախաներուն եւ իրենց ծնողներուն կամ ուսուցիչներուն միջեւ զրոյցներ սկսելու համար, ինչպէս նաեւ ստեղծագործական վարժութիւններու առաջարկներ՝ պատմութիւնները խորապէս ընկալելու համար։ Սփիւռքի հայ մանուկները պիտի ունենան համապարփակ Աստուածաշունչ մը, որ յատուկ իրենց համար է։
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, այս առիթով ըսաւ. «Այս գիրքը պարզ հրատարակութիւն մը չէ այլ մեր նուիրումին վկայութիւնն է՝ սնուցանելու յաջորդ սերունդին հոգեւոր աճը»։
Գիրքի օրինակները պիտի տարածուին Արաբական Ցոցի երկիրներու, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի ու Եւրոպայի հայ համայնքներու ամէնօրեայ, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ։