Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը կը պնդէ, որ ՀՀ զինուած ուժերու ներթափանցող-հետախուզական խումբը, օգտուելով եղանակային անբարենպաստ պայմաններէն, 8 Յունիսին հատած է շփման գիծը Լաչինի շրջանի տարածքին մէջ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած էր այս լուրը։
Զինծառայողի բնակութեան համայնքի ղեկավարը Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է` Արթուրը շուրջ 3 տարի է պայմանագրային զինծառայող է։
«Դէպքը տեղի է ունեցել ծառայութեան ժամանակ եղանակի պատճառով։ Բաւական ամպամած էր, մոլորուել է։ Տարածքում, որտեղ եղել է Արթուրը, դիրքերը բաւական մօտ են, զինուորները գրեթէ իրար դէմ դիմաց են կանգնած»,–ըսած է համայնքի ղեկավարը։
Անոր խօսքով` Արթուրը 25 տարեկան է, ամուսնացած չէ` ծնողներուն հետ կ'ապրի։ Արթուրի ծնողներուն դէպքի մասին յայտնած են։ Այս պահուն, ըստ համայնքի ղեկավարի, բանակցութիւններ կ'ընթանան, որ ատրպէյճանական կողմը վերադարձնէ Արթուրը։