image
Հրատապ լուրեր:

Թահրան եւ Ուաշինկթըն կը շարունակեն բանակցութիւնները

Թահրան եւ Ուաշինկթըն կը շարունակեն բանակցութիւնները

Իրանն ու Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն հաղորդագրութիւններու փոխանակումը՝ Թեհրանի առաջարկին հիման վրայ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով։ Այս մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային։

Անոր խօսքով՝ միտքերու փոխանակումը տեղի պիտի ունենայ Իրանի 14 կէտէ բաղկացած առաջարկի բնագրին հիման վրայ։

Յիշեցնենք, որ մայիս 18-ին «Tasnim» գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Փաքիստանը Միացեալ Նահանգներուն փոխանցած է հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Իրանի նոր առաջարկը, որ բաղկացած է 14 կէտէ։

Ըստ գործակալութեան տուեալներուն՝ բնագիրին մէջ շեշտը կը դրուի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներուն վրայ։