Լոյս տեսած է Վարդուհի Քալանթարի գրած «Կեդրոնական բանտի կիներուն բաժինը» յուշագրութեան թրքերէն թարգմանութիւնը, թարգմանուած պոլսահայ Արդուն Կեպենլիօղլուի կողմէ:
Այս մասին «Արեւելք» տեղակացաւ «Ակօս»էն:
Ի. դարու կարեւոր հայ դէմքերէն մէկն է Վարդուհի Գալանդար, որ այս օրերուս թրքերէն ընթերցողին ծանօթ կը դառնայ «Կեդրոնական Բանտի Կիներու Բաժինը» անուն յուշագրութիւնով։
Վարդուհի Գալանդար ծնած է 1895-ին Պրուսա քաղաքը։ 1911-ին, կ՚երթայ Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքը համալսարանական ուսում ստանալու համար։ Ապա իր ուսումը շարունակեց Լայպցիկի համալսարանը։ Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին ամառնային արձակուրդը անցնելու համար եկած էր Պոլիս։ Մատնութեան մը հետեւանքով ձերբակալուեցաւ եւ իր հօր հետ միասին շուրջ երեք տարի ազատազրկուեցաւ Կեդրոնական Բանտի մէջ։ 1918-ին ազատ արձակուեցաւ եւ իսկոյն լծուեցաւ հասարակական, բարեգործական աշխատանքներուն։
Մինչ այդ յօդուածներ կը ստորագրէր «Հայ Կին» պարբերականին համար։ 1921-ին գաղթեց Միացեալ Նահանգներ, ուր երկար տարիներ արտադրեց քաղաքականութեան ու պատմութեան ոլորտներէ ներս անգլերէն եւ հայերէն բազմաթիւ աշխատութիւններ։ Մահացաւ 1978-ին Ուաշինկթնի մէջ։
Գալանդարի «Կեդրոնական Բանտի Կիներու Բաժինը» անուն աշխատութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան արդիաշունչ առաջին արգելանոցի համար կատարուած շատ լուրջ դիտարկում մըն է։ Հեղինակը մեծ յաջողութեամբ կը նկարագրէ նաեւ բանտարկեալներու մատնուած զրկանքները եւ տիրող ծանր հոգեմաշ մթնոլորտը։
1920-21 թուականներու միջեւ «Հայ Կին» պարբերականի մէջ թերթօնի ձեւով հրատարակուող յուշագրութիւնը հայերէն բնագիրէն թարգմանած է Արդուն Կեպենլիօղլուն։