image

Արարատ Լեռը Միայն Անցեալ Չէ Այլ Ապագայ.Հրանդ Տինք

Արարատ Լեռը Միայն Անցեալ Չէ  Այլ Ապագայ.Հրանդ Տինք

Նոյիսկ այսօր, երբ հայերը կը խօսին իրեց սիրելի Արարատ լերան մասին (Աղրը Դաղը- Արարատ լերան պաշտօնական անունը Թուրքիոյ մէջ), այն կը մեկնաբանուի որպէս այդ հողերու վրայ աչք տնկել: Մինչդեռ պէտք է ճիշդ ընկալել հայութեան համար Արարատի ունեցած խորհրդանշական դերը: Այն ոչ միայն հայ ժողովուրդի կորուսեալ հողերու, այլեւ անոնց հետ ամբողջանալու կարօտն է: Այդ պատաճառով ալ, քիչ է զայն բնորոշել որպէս «հող մը, կամ լերան նկատմամաբ ունեցած կարօտ»: Հայ ժողովուրդի համար Արարատի շուքը իր չորսհազարամեայ գոյութեան խորհրդանիշն է, «Նոյ մարագարէ»էն յետոյ դարձաւ կեցութեան գագաթը... Միայն անցեալ չէ, այլ նաեւ ապագայ.. Կը կարծեն, թէ երբ կարօտը յագենայ, ինքնութիւնն ալ կը հատնի...Ահա թէ ինչու Արարատ լերան պատկերը կարելի է հանդիպիլ սփիւռքի հայկական դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, գրադարաններուն, միութիւններուն մէջ տարբերանշաններու վրայ եւ անգամ իւրաքանչիւր հայու տունը: Հայկական բանաստեղծութիւններու եւ երգերու նշանակալի մէկ հատուածը ոգեշնչուած է Արարատէն: Ներկայիս Արարատը հայերուն համար ոչ միայն հեռու երեւոյթ է, որ երեւանցիները առաւօտները կը դիմաւորեն անոր ուղղուած հայացքով, այլ այն մօտիկութիւնը, որ աշխարհի հինգ մայրացամաքներուն վրայ ապրող հայերը կը զգան իրենց պատերուն վրայ կախուած պատկերներէն:

 

 Հրանդ Տինք

  «Երկու Մօտ Ժողովուրդ, Երկու  Հեռու Հարեւան» Գիրքէն