«Եկէ՛ք, Տիրոջ Լոյսով Քայլենք»
Կեանքը, եւ յատկապէս քրիստոնեային կեանքը անհնար պիտի դառնայ մշտական զարթօնքի ընթացքի մը մէջ հաստատել, եթէ մարդը չանսայ մարգարէի կանչին, որ կը յորդորէ Տիրոջ լոյսով քայլել: Այս պատգամի հասկացողութեամբ կրնանք նաեւ մեկնել Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը. Աստուածորդին երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ բացայայտելու համար աստուածային անսահման սէրը, որպէսզի մարդը Տիրոջ լոյսով քայլէ եւ վեր բարձրանայ, հաշտուի Հայր Աստուծոյ հետ:
Ուրեմն, քաջ հաւատալով պատասխանենք մարգարէի կանչին՝ Աստուած դարձնելով մեկնակէտը մեր կեանքին, լոյսը՝ մեր կեանքի ճանապարհին:
Գեղեցիկ աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք, ուր մարդը կատարելատիպն է աստուածային արարչագործութեան: Աշխարհ մը, որ իր հրաշալիքներով կը հրապուրէ մեզ, մանաւանդ, երբ գիտութիւնը մշտապէս նոր զարգացումներ կ՛արձանագրէ ի սէր մարդկութեան: Բայց մենք բոլորս մեծ հարցականի մը առջեւ կը գտնուինք, երբ ականատես կը դառնանք ցաւ ու տառապանքի այն տարողութեան, որուն կ՛ենթարկուի նոյն աշխարհը, որուն վայելքը հաւասարապէս չի զգար եւ չ՛ապրիր մարդկութիւնը:
Աշխարհի խառնիճաղանճին մէջ անգամ մը եւս մարդկութեան առջեւ խոնարհաբար կը յայտնուի Աստուածորդին՝ Յիսուս մանուկը, որուն ծնունդը ոչ այլ ինչ է, քան մարգարէի խօսքերուն թարգմանութիւնը՝ «Եկէ՛ք, Տիրոջ լոյսով քայլենք»:
Յիսուսի ծնունդը աստուածապարգեւ մեր կեանքը վերակերտելու հրաւէրն է, եզակի դէպք մը, որ կը դառնայ երկինքն ու երկիրը կապող կամուրջ՝ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ հաշտութեան կնիք, հաստատում:
Որքա՜ն ծնունդներ տօնախմբած ենք բոլորս ալ: Ամէն մէկ ծնունդ մեզի պարգեւած է հոգեւոր նոր ուժականութիւն, մտածելու ապրուած կեանքի նպատակի ու մեզի վստահուած երկնատուր առաքելութեան ու շնորհքի մասին, թէ ինչպէ՞ս պիտի իմաստաւորենք մեր ոգեղէն գոյութիւնը եւ կեանքի լուսաւոր ընթացքը: Մենք զմեզ կը խոստանանք սրբագրել մեր հոգեւոր էութեան մէջ արմատ նետած եւ աճած օտար խորհուրդները եւ վերածնուիլ Յիսուս մանուկին հետ միասին: Եւ սա այն պահն է, երբ կը հրաշագործուի կեանքը:
Յիսուսի մարդեղութեան հրաշալի դէպքը կը նշանաւորէ իւրաքանչիւրիս կեանքը եւ 2025ի նոր տարին, երբ Յիսուսի ծնունդը կը դարձնենք հայելին մեր կեանքին, որ ինքնին նոր հրաւէր մըն է կեանքն ապրելու համամարդկային հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու գիտակցութեամբ, խոհեմութեամբ, աստուածային պատգամներու տեսիլքով, հայ քրիստոնեայ ընտանիքը մեր կեանքին սրբութիւնը դարձնելու առաքելութեամբ, հայրենական կեանքի կարօտով ու ծառայութեան ոգով:
Նայեցէք, թէ ինչպիսի ոգեւորութեամբ ու մաքուր հոգով կը տօնախմբեն մանուկները Յիսուսի ծնունդը: Օրինակ առնելով՝ նոյն ոգին պիտի ապրեցնենք մեր հոգեւոր էութեանը մէջ, որպէսզի Յիսուսի ծնունդը դարձնենք նաեւ մեր տօնը եւ «Տիրոջ լոյսով քայլենք»:
Յիսուսի ծնունդը կը տօնենք ճշմարտապէս, երբ Տիրոջ լոյսով կը քայլենք, քրիստոսանման կեանքով կ՛ապրինք եւ 2025 նոր տարին կը դարձնենք ճանապարհորդութիւն մը Քրիստոսի հետ՝ Անոր լուսարձակին տակ առնելով մեր կեանքի ընթացքը: Աւելին՝ Յիսուսի ծնունդը առիթ կը հանդիսանայ վերատեսելու մեր հաւատքի կեանքը թեմական մակարդակի վրայ, հարց տալով մենք զմեզ, թէ որքա՞ն հաւատարիմ ենք մեր նախնեաց կողմէ մեզի վստահուած Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութեանց, եւ որքանո՞վ զանոնք կը կենսագործենք ներկայ ժամանակներուն մէջ:
«Եկէ՛ք, Տիրոջ լոյսով քայլենք», որպէսզի խաւարը չխորտակէ մեզի տրուած կեանքը: Երբ Տիրոջ լոյսով կը քայլենք, կը բարձրանանք առ Աստուած: Այս ճանապարհին մէջ յարատեւելու միջոցները բոլորս ալ ունինք առանց խտրականութեան: Եւ միջոցները պարզ են՝ աղօթքի կեանք, հաւատքով ապրուած կեանք, յանձնառութեամբ հարուստ կեանք, ստեղծագործ ոգու տեսիլքով ներշնչուած կեանք:
«Եկէ՛ք, Տիրոջ լոյսով քայլենք»: Այս է միակ ճանապարհը, որ մեզ կը տանի դէպի Մանուկ Յիսուսը, որուն առջեւ իւրաքանչիւրս խոնարհած՝ գովաբանութեան եւ օրհնաբանութեան սաղմոսներ երգելով, քրիստսնէական ջերմ սիրով զիրար կ՛ողջագուրենք եւ համարձակաձայն կը յայտարարենք.
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»: