image

ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Պատալեան այցելեց Առաջնորդ Սրբազան հօր

ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Պատալեան այցելեց Առաջնորդ Սրբազան հօր

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալած է ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Պատալեանը: 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Հինգշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Պատալեանը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին կարծիքներու փոխանակում կատարուեցաւ: Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց պարոն Բաբգէնին: