image

«Նոր ուսումնական տարեշրջան՝ նոր յոյսով եւ նոր եռանդով». Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի վերամուտի ուղերձը

«Նոր ուսումնական տարեշրջան՝ նոր յոյսով եւ նոր եռանդով». Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի վերամուտի ուղերձը

Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանի կրթական վերամուտի առիթով, իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները կը փոխանցէ Հայ Դպրոցի աշակերտութեան, ուսուցիչներուն, տնօրէններուն, ծնողներուն եւ կրթական կառոյցներուն։ Սրբազան Հայրը կը շեշտէ, որ Հայ Դպրոցը միայն գիտելիքի դարբնոց չէ, այլ նաեւ հայ-քրիստոնէական արժէքներու, ազգային ինքնութեան եւ նոր սերունդներու դաստիարակութեան կարեւոր կեդրոն։

Այսօր կը թեւակոխենք ուսումնական նոր՝ 2026-2027 տարեշրջան, որ համայնքային մեր կեանքին պիտի շնորհէ նորոգ թափ ու խանդավառութիւն եւ մեզ բոլորս պիտի խթանէ՝ մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքը նորովի իմաստաւորելու այն բարձր գիտակցութեամբ, որ ժառանգած ենք մեր նախնիներէն եւ Արեւմտեան Թեմի հիմնադիր ու յաջորդող սերունդներու արժանավայել կեցուածքէն՝ հանդէպ Հայ Դպրոցը, հայեցի կրթութիւնը, գիտութիւնը, ուսումն ու զարգացումը: 

Յատկապէս այս առիթով, մեր աչքերը ուրախութեամբ կը բարձրացնենք առ երկինք եւ փառք կու տանք Ամենակալ Աստուծոյ, որ մեր վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, Ուսումնական մարմիններուն, մատղաշ եւ պատանի հայ աշակերտութեան, մեր դպրոցներու մեծ ընտանիքներուն, ծնողներուն, բարերարներուն եւ համայնքի զաւակներուն ու թոռներուն դիմաց կը բանայ կրթական նոր տարեշրջան մը եւս եւ մեզ բոլորս առողջ ու ապահով կ՛առաջնորդէ ո՛չ միայն դէպի գիտութիւն, այլեւ դէպի հայ-քրիստոնէական արմատներ, դէպի հայկական ինքնութեան ամրապնդում: Եւ այս չէ՞ միթէ մեր վարժարաններուն առաքելութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի զանազան քաղաքներու մէջ Հայ Դպրոց կառուցելու նպատակը: 

Այո՛ սիրելիներ: Մեր դպրոցները գիտութեան դարբնոցներ ըլլալու կողքին, ե՛ն նաեւ բան մըն ալ աւելի: Անոնք մեր հայկական տուներէն ետք, կը հանդիսանան երկրորդ կարեւոր օղակը սերունդներու կեանքին մէջ: Իրապէս, մեր հայկական վարժարանները, մեր մատղաշ սերունդներուն հոգիներուն մէջ նաեւ հայ հոգեւոր ու ազգային արժէքներ սերմանող կարեւոր օղակն են, ուր մեր զաւակներն ու թոռները, մանկապարտէզի դասարաններէն սկսեալ, կը դաստիարակուին հայ ժողովուրդի դարաւոր բարոյագիտութեամբ եւ ցեղային յատկանիշներով, որպէսզի նկարագրով ու ինքնութեամբ անոնք իրենց ամբողջ կեանքը հայօրէն ապրին, ըլլան հայ-քրիստոնեայ մարդեր եւ ապագային դառնան իրենց ընտանիքին ու համայնքին օգտակար տարրեր: 

Վստահ ենք նաեւ, որ Հայ Դպրոցէն շրջանաւարտ սերունդներ, երէկ եւ այսօր, լաւագոյնս օգտագործելով իրենց մատուցուած ոգեղէն պաշարն ու հայկական ինքնութեան գանձարանը, իրենց նախորդներուն նման պիտի գործեն նաեւ Արեւմտեան Թեմի մեր ներկայ ածուն, համայնքը առաւել եւս ծաղկեցնելու եւ նոր վերելքներ արձանագրելու հաւատքով ու ջանասիրութեամբ: 

Մեր աղօթքն է, որ Հայ Դպրոցի իւրաքանչիւր աշակերտ, վերամուտի այս խանդավառութիւնը իր հոգիին մէջ կը կրէ իբրեւ իր կեանքի ամէնէն հաճելի յիշատակներէն մէկը եւ ամբողջ կեանքին տեւողութեան մասնակից կ՛ըլլայ իր վարժարանին ապագայ ուրախութիւններուն ու յաջողութիւններուն: Վերամուտը նաեւ կը հանդիսանայ մեր վարժարաններուն բոլոր տնօրէնները, դաստիարակ ուսուցիչներն ու պաշտօնէութիւնը ողջունելու առիթ եւ բոլորին ցանկալու աստուածային շնորհներով լեցուն նոր ու յաջող տարեշրջան, իրենց գիտակից ծառայութեան մէջ: 

Նաեւ, այս առիթով, գրկաբաց կը դիմաւորենք Հայ Դպրոցի նոր աշակերտները՝ մանուկ ու պատանի, մանչ ու աղջիկ, եւ բարի գալուստ կ՛ըսենք իրենց եւ իրենց ծնողներուն, որոնք աշխոյժ մասնակիցը դառնալով մեր վարժարաններու մեծ ընտանիքի կրթական առօրեայ կեանքին, նաեւ մեծ նպաստ կը բերեն Հայ Դպրոցի յաջողութեան ու վերելքին: 

Թող բարեգութ Աստուած Արեւմտեան Թեմի կրթական կեանքին շնորհէ անխափան ընթացք, բարի վերամուտ: Թող որ Հայ Դպրոցի ամէն մէկ մասնիկ՝ տնօրէն, դաստիարակ, ուսուցիչ, պատասխանատու, մանկավարժ, ծնող, Խնամակալ ու Ուսումնական մարմիններ, բարերարներ ու կամաւոր աշխատողներ, նորոգ եռանդով փարին իրենց առաքելական ծառայութեան, աշխատին ու գործեն հայ-քրիստոնէական սկզբունքներով ու ջանադիր կամեցողութեամբ, ի նպաստ հայ ժողովուրդի նոր սերունդներու առաւել զարգացման ու շարունակական վերելքին: 

Աղօթարար՝

ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ, ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Ա.Մ.ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ