Լիբանանի Այնճար աւանը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդութեան միջազգային «WAYD 2026» հաւաքը, որ «Մէկ սիրտ ի Քրիստոս» նշանաբանին ներքեւ համախմբած է վեցէ աւելի երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ։ Հաւաքին հանդիսաւոր բացումը կատարեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ կոչ ուղղելով երիտասարդներուն իրենց հաւատքը վերածելու կենդանի վկայութեան եւ ծառայութեան՝ ի նպաստ Եկեղեցւոյ ու համայնքային կեանքին։
Ստորեւ այդ հաւաքին մասին «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան էջին վրայ լոյս տեսած թղթակցութիւնը՝
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, հինգշաբթի 30 Յուլիսին բացումը կատարեց 2026-ի երիտասրադկան «WAYD» հաւաքին , կազմակերպուած Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց Միութեան կողմէ «Մէկ սիրտ ի Քրիստոս» նշանաբանով։
Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Անճարի Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին:
Արարողութեան մասնակցեցան քանի մը եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան վեց երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ, որոնք համախմբուած էին մասնակցելու համար սոյն միջազգային հաւաքին:
Իր պատգամին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդգծեց, որ երիտասարդները Եկեղեցւոյ բաբախուն սիրտն են եւ անոր միշտ նորոգուող հոգեւոր յոյսը: Ան հրաւիրեց մասնակիցները՝ ապրելու այս օրերը իբրեւ հոգեւոր ուղեւորութիւն մը, որ կարող է խորացնել իրենց կապը Քրիստոսի հետ, ամրապնդել փոխադարձ հաղորդութիւնը եւ պատրաստել զիրենք՝ ըլլալու Աւետարանի ճշմարիտ վկաները իրենց եկեղեցիներուն եւ համայնքներուն մէջ:
2026-ի երիտասրադկան «WAYD» հաւաքը
Իր կարգին, Հայր Արամ Աբրահամեան՝ Լիբանանի հայ կաթողիկէ երիտասարդութեան հոգեւոր վարիչն ու հաւաքի ընդհանուր համակարգողը, հաստատեց, որ WAYD 2026-ը կ՛արտայայտէ Եկեղեցւոյ խոր համոզումը երիտասարդաց առաքելութեան եւ անոնց կեդրոնական դերակատարութեան գծով՝ Եկեղեցւոյ կեանքին եւ աւետարանչական գործունէութեան մէջ: Ան բացատրեց, որ յայտագիրը պատրաստուած է մեծ խնամքով՝ առաջարկելու համար ամբողջական ընթացք մը, որ կը միացնէ հոգեւոր դաստիարակութիւնը, մարդկային աճումը եւ համայնքային ծառայութիւնը, թոյլ տալով մասնակիցներուն փորձառաբար ապրելու հաւատքը իբրեւ կենսակերպ եւ իրական առաքելութիւն, զայն վերածելով իրական յանձնառութեան՝ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ:
Հայր Աբրահամեան նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց Միութեան (ACYU), կազմակերպիչ զանազան յանձնախումբերուն եւ բազմաթիւ կամաւորներուն՝ դրուատելով գործակցութեան եւ միասնական աշխատանքի ոգին, որ ընկերակցեցաւ նախապատրաստութիւններուն եւ նպաստեց ձեռնարկին յաջողութեան՝ արտացոլացնելով Եկեղեցւոյ կենսունակութիւնը եւ իր զաւակներուն միասնութիւնը՝ ի սպաս մէկ ընդհանուր առաքելութեան:
2026-ի երիտասրադկան «WAYD» հաւաքը
Բացման արարողութենէն ետք, սկիզբ առաւ դաստիարակչական յայտագրին առաջին հանգրուանը: Քոյր Ռիթա Զիատէ ներկայացուց դասախօսութիւն եւ աշխատանոց մը՝ «Աստուծոյ մէջ արմատացած սիրտ մը» թեմայով, նուիրուած՝ քրիստոնէական կեանքը Աստուծոյ հետ անձնական եւ խոր հաղորդութեան վրայ հիմնելու կարեւորութեան, որ կը նկատուի իւրաքանչիւր հաւատացեալ երիտասարդի կոչումին, առաքելութեան եւ վկայութեան ճշմարիտ ելակէտը:
Այս ուղիին մեկնարկով, WAYD 2026-ի մասնակիցները մուտք գործեցին հոգեւոր եւ դաստիարակչական ամբողջական յայտագրի մը մէջ, որ պիտի տեւէ քանի մը օր եւ պիտի ընդգրկէ ծիսակատարութիւն, կազմաւորում, ծառայութիւն, ուխտագնացութիւն եւ եղբայրական պահեր՝ լիովին մարմնավորելով հաւաքին նշանաբանը. «Մէկ սիրտ ի Քրիստոս»:
Այս առիթով Լորի Եեթրեանի` Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդական Հովուութեան Գրասենեակի քարտուղարուհիին խմբագրութեան փոխանցեց հակիրճ վկայութիւն մը։


