image
Հրատապ լուրեր:

Լոյս տեսած է Յակոբ Ճ. Սիրունիի աշխատասիրութիւնը նուիրուած՝ Միսաք Մեծարենցին

Լոյս տեսած է Յակոբ Ճ. Սիրունիի աշխատասիրութիւնը նուիրուած՝ Միսաք Մեծարենցին

Յակոբ Ճ. Սիրունիի՝ Միսաք Մեծարենցին նուիրուած յուշագրութիւն-աշխատասիրութիւնը, որ երկար տարիներ կը սպասէր իր ամբողջական հրատարակութեան, վերջապէս գիրքի վերածուած է եւ լոյս տեսած՝ Երեւանի մէջ։

Գիրքի պատրաստութեան եւ խմբագրութեան աշխատանքը ստանձնած են Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան եւ գրականագէտ Վարդան Մատթէոսեան։ Հատորին յառաջաբանը գրած է Վ. Մատթէոսեան։

Աշխատութիւնը ժամանակին լոյս տեսած էր Անդրանիկ Ծառուկեանի խմբագրած «Նայիրի» պարբերականին մէջ, իսկ այժմ առաջին անգամ ամբողջական հատորի մը ձեւով կը հասնի ընթերցողին։

Այս հրատարակութեան պատմութիւնը ինքնին ուշագրաւ է։ Տէյիրմենճեան Քահանան եւ Մատթէոսեան շուրջ տասընհինգ տարի փորձած են գիրքը հրատարակել Պոլսոյ մէջ։ Տարիներու ընթացքին դիմած են հրատարակչական եւ մշակութային զանազան շրջանակներու, սակայն ստացած են մերժումներ, որոնք ի վերջոյ հասցուցած են այն համոզումին, թէ հատորին հրատարակութիւնը Պոլսոյ մէջ այդ ճանապարհով կարելի պիտի չըլլար։

Գիրքը, սակայն, իր ճանապարհը գտաւ։

Հրատարակութեան իրականացման մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ խմբագիր եւ գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեան, որու աջակցութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով ձեռագիրը վերջապէս պատրաստուեցաւ հրատարակութեան։ Այսպէս, աշխատութիւնը, որ գրուած է Պուքրէշի մէջ, թերթօնի ձեւով հրատարակուած Պէյրութի մէջ եւ Պոլսոյ մէջ երկար տարիներ սպասած է իր ամբողջական հրատարակութեան՝ վերջապէս լոյս տեսաւ հայրենի Երեւանի մէջ՝ Միսաք Մեծարենցի ծննդեան 140ամեակին առթիւ։

Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեանի եւ Վարդան Մատթէոսեանի երկարատեւ աշխատանքին շնորհիւ Յակոբ Ճ. Սիրունիի Մեծարենցին նուիրուած էջերը այժմ իրենց արժանի տեղը կը գրաւեն հայ գրականութեան նուիրուած նոր հրատարակութիւններու շարքին մէջ։

Կը շնորհաւորենք գիրքը հրատարակութեան պատրաստող գրականագէտները։