Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաքն Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ համատեղ ասուլիսին յայտարարած է, որ Մեծ Բրիտանիան միանգամայն կ'աջակցի Իսրայէլին՝ միջազգային իրաւունքին համապատասխան իրեն պաշտպանելու, ՀԱՄԱՍ-ը հետապնդելու, հետագայ ներխուժումները կանխելու եւ երկարաժամկէտ անվտանգութիւնը ամրապնդելու հարցերով: Այս մասին գրած է timesofisrael.com-ը:
«Մենք նաեւ կը գիտակցինք, որ Պաղեստինի ժողովուրդը նոյնպէս ՀԱՄԱՍ-ի զոհն է», -ըսած է Սունաքը՝ աւելցնելով, որ կ'ողջունէ Իսրայէլի որոշումը՝ թոյլատրելու մարդասիրական երթուղիները դէպի Կազա։
«Ես հպարտ եմ, որ Իսրայէլի համար ամենամութ պահին կանգնած եմ այստեղ՝ ձեզ հետ՝ որպէս ձեր ընկեր։ Մենք ձեզի հետ համերաշխ պիտի ըլլանք, ձեր ժողովուրդի կողքին պիտի ըլլանք եւ կ'ուզենք, որ դուք յաղթէք»,- եզրափակած է Սունաքը։
Մինչդեռ Նաթանիահուն ըսած է, որ «երկար պատերազմ» պիտի ըլլայ, եւ որ Իսրայէլին անհրաժեշտ է Մեծ Բրիտանիոյ «շարունակական աջակցութիւնը» հակամարտութեան վերելքներու եւ վայրէջքներու ընթացքին: