Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը Փաքիստան ժամանած է՝ նպատակ ունենալով կարգաւորել Թեհրան-Իսլամապատ յարաբերութիւնները, որոնք սրուած էին անցեալ շաբաթ փոխադարձ հրթիռային հարուածներէն ետք:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարն Իսլամապատ ժամանած է Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ճալիլ Ապպաս Կիլանի հրաւէրով:
Այցի շրջածիրէն ներս նախատեսուած են հանդիպումներ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարի, ինչպէս նաեւ վարչապետի պաշտօնակատարի միջեւ:
Բանակցութիւններու հիմնական թեման երկու երկիրներու յարաբերութիւններու մէջ լարուածութեան նուազեցումն է, որ առաջացած էր յունուար 16-ին Փաքիստանի տարածքին մէջ «Ճէյշ ալ-Ատլ» խմբաւորման երկու շտաբի վրայ Իրանի զինուած ուժերու յարձակման հետեւանքով։ Իրանցի զինուորականներու չհամաձայնեցուած գործողութիւնները յանգեցուցած էին Իսլամապատի անմիջական արձագանգին: Փաքիստանն ի պատասխան հարուածած էր Իրանի տարածքը: