Մինչեւ տարեվերջ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղին մէջ ամբողջութեամբ շահագործման պիտի յանձնուին առաջին 17 բնակելի տուները, ուր մշտական բնակութիւն կը հաստատեն այն բնակիչները, որոնք առաջինը ցանկութիւն յայտնած են գիւղ վերադառնալու:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը եւ աւելցուցած, որ բացի հիմնական վերանորոգման աշխատանքներէն, որոշ առանձնատուներու մէջ իրականացուած են կցակառուցման աշխատանքներ: Բոլոր տուներուն մէջ առկայ են սանհանգոյցներ, խոհանոցներ, կահաւորուած ննջասենեակներ եւ հիւրասենեակներ:
ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարի տեղեկութիւններով` շինարարական աշխատանքներուն յաջորդ փուլով պիտի կառուցուի եւս տասը տուն, որուն երկուքի աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են:
Բացի բնակելի տուներէն, աւարտին կը մօտենան նաեւ համայնքային բազմատեսակ կեդրոնի վերակառուցման աշխատանքները, ուր կ՝ընթանան ներքին եւ արտաքին ներկարարական աշխատանքներ: «Համայնքային կեդրոնի շէնքը պիտի ունենայ համայնքի ղեկավարի աշխատակազմի համար նախատեսուած սենեակներ, բուժկէտ, երիտասարդներու ժամանցի համար խաղասենեակներ: Շէնքի յարակից տարածքին մէջ կը կառուցենք նաեւ կաթսայատուն, որ պիտի ծառայէ ո՛չ միայն համայնքային կեդրոնին, այլեւ դպրոցին եւ մանկապարտէզին: Կը վերակառուցուի նաեւ գիւղի հանդիսութիւններու դահլիճը, որ աւերուած էր հրետակոծութեան հետեւանքով: Շէնքին հիմքերը ամրացուած են, տանիքի ծածկը՝ իր բոլոր յարդարման աշխատանքներով՝ ամբողջութեամբ նորոգուած է: Ներկայիս այնտեղ եւս շինարարական աշխատանքները աւարտման փուլի մէջ են եւ հիմնականը բարեկարգման աշխատանքներ կ՝իրականացուին: Մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսենք շահագործման յանձնել համայնքային կեդրոնի եւ հանդիսութիւններու դահլիճի շէնքերը»,- ըսած է Կ. Շահրամանեան եւ աւելցուցած, որ մինչեւ 2018 թուականի Սեպտեմբեր 1-ը շահագործման պիտի յանձնուին նաեւ դպրոցի եւ մանկապարտէզի շէնքերը` իրենց բոլոր յարմարութիւններով` բարեկարգմամբ, գիշերային լուսաւորութեամբ եւ խաղահրապարակներով:
Կ. Շահրամանեան նշած է, որ Թալիշի մէջ կառուցուող հասարակական նշանակութեան բոլոր շէնքները ապահովուած են ապաստարաններով, որ կրնայ ծառայել նաեւ հարեւանութեամբ գտնուող տուներու բնակիչներուն համար:
Բացի պետական միջոցներէն, ըստ քաղաքաշինութեան նախարարի, Թալիշի վերակառուցման ծրագիրներուն մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն ունի նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը: Հիմնադրամին կողմէ յատկացուած է շուրջ 900 միլիոն դրամ: Այդ միջոցներով հնարաւոր դարձած է գիւղին մէջ շինարարական աշխատանքները աւելի անմիջական դարձնել: Մարդոց կենսագործունէութեան համար կը ստեղծուին բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, գրեթէ ամբողջութեամբ վերականգնուած են առկայ ենթակառուցուածքները, կը բարեկարգուին փողոցները, մայթերը, կ’ապահովուի փողոցներու գիշերային լուսաւորութիւնը: