Կազայի հիւսիսը գտնուող Ճապալիա փախստականներու ճամբարին հասցուած իսրայէլեան օդային հարուածներու հետեւանքով առնուազն 33 մարդ զոհուած է, յայտնած է «Համաս»-ի ղեկավարութիւնը։
Հակառակ, որ «Համաս»-ի առաջնորդ Եահիա Սինուարի մահը պատերազմի աւարտի յոյսեր արթնացուցած էր, սակայն Իրանի գերագոյն առաջնորդը յայտարարած է, որ խմբաւորումը «կենդանի պիտի մնայ»:
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակէն յայտնած են, որ Քեսարիայի մէջ՝ վարչապետի տան ուղղութեամբ, անօդաչու թռչող սարք արձակուած է, բայց ան այդ պահուն այնտեղ չէ եղած: Լիբանանի մէջ մարտերը կը շարունակուին, ուր իսրայէլեան զինուորականները սպանած են «Հըզպալլա»ի մօտ 60 գրոհայիններու եւ ոչնչացուցած է անոր տարածաշրջանային հրամանատարական կեդրոնը:
«Հըզպալլա»-ն յայտնած է, որ հրթիռներ արձակած է Իսրայէլի Հայֆա քաղաքի եւ անոր հիւսիսը գտնուող տարածքներու ուղղութեամբ: