Ժամանակ մը ետք սեփական փորձով սորվեցայ, որ ընկերութեան մէջ ինչ ըսելդ կարեւորութիւն մը չունի. կարեւորը ինչպէս ըսելդ է, որովհետեւ այդ «ինչպէս»ն է, որ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ եւ ո՛չ թէ «ինչ»ը: Ոճը մեծ դեր ունի այսօր ազդեցութիւն գործելու մէջ. աշխարհի ամենէն ապուշ տեղեկութիւնը, լաւ եւ ուսումնասիրուած ոճով ըսելը շատ աւելի ազդեցութիւն կրնայ գործել, քան լաւագոյն գաղափարը՝ ըսուած պարզ ու տափակ եղանակով: Գուցէ այդ է պատճառը, որ յաճախ իմաստուն մարդիկ կը նախընտրեն ամբոխի մէջ լուռ մնալ եւ հակառակ իրենց հանճարին դառնալ ունկնդիր, լսելու համար այն բոլորը, որ երեւութապէս բարձրորակ, սակայն իրականութեան մէջ փուճ խաբկանք արտայայտութիւնները:
Նման խօսքերով ու արտայայտութիւններով հաւատացէք կարելի է բազմահազար հրապարակախօսութիւններ խմբագրել եւ յանձնել հրատարակութեան, որովհետեւ մարդիկ կը մոռնան, որ ոճէն աւելի կարեւոր է ըսուածը, որովհետեւ ըսուածին խորքն է, որ նախադասութեան արժէք կու տայ եւ ո՛չ բառերու ճոխութիւնը. իր ամենէն պարզ վիճակին մէջ ըսուած մեծ գաղափարն է, որ կ՚արժեւորէ անձն ու խօսքը։ Ընկերութեան մէջ «կը փայլին» անոնք, որոնք այդ հիմնական արժէքէն ու գաղափարէն հեռու ձեռքերով ու ոտքերով մեռեալը որպէս կենդանի կը փորձեն ներկայացնել. հայ ժողովուրդը շա՜տ ունեցած է նման հրապարակախօսներ եւ մանաւանդ քարոզիչներ, որոնք ունեցած են քարացած մի քանի նախադասութիւններ, որոնք ամենէն նեղ կացութիւններուն որպէս փրկիչ յայտնուած ու ազատած են կացութիւնը, յաջողիլ փորձելով պահել իմաստուն ըլլալու ազդեցութիւնը. այսօր եւս շա՜տ են նման եկեղեցականներ, որոնք ըսելիք մը չգտնելու պարագային կ՚ապաւինին Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն. ո՞վ պիտի չազդուի, եթէ լսէ «Քրիստոս սէրը ի՛նք է» շեշտադրումով ըսուած ճշմարտութիւնը՝ մանաւանդ երբ եկեղեցականը «ի՛նք»ը շեշտած ժամանակ մատը բարձրացնէ դէպի երկինք եւ ցոյց տայ Յաւիտենականը: Այս մատի շարժումը շատ աւելի խօսուն է՝ քան նոյնինքն խօսքը եւ այս է մեր ճշմարտութիւնը։ Երեւոյթը խորքէն շատ աւելի կարեւոր է մեզի համար:
Յաճախ հայ մամուլին մէջ կը կարդանք խօսքեր, որոնք կ՚ըսուին ըսելու սիրոյն... գուցէ թերթի պարապ էջերուն տեղ ապահովելու համար. խօսքեր՝ որոնք ճշմարտութիւն են, սակայն ճշմարտութենէն անդին մտահոգութիւն են. օրինակի համար՝ 60-70 տարիներ առաջ գրուած թերթի մը մէջ կը կարդանք հետեւեալ պոռոտախօսութիւնը. «Երիտասարդութիւնը որեւէ ժողովուրդի մը ապագան է». այս խօսքը երիտասարդական հաւաքի մը եթէ ըսուէր, մանաւանդ ձեռքերու եւ մատներու շարժումներով, վստահաբար ծափահարութեան պիտի արժանանար։ Ուրիշ տեղ մը կը կարդանք. «Դիտեցէ՛ք օրուան երիտասարդութիւնը եւ կրնաք գուշակել ժողովուրդի մը վաղուան ճակատագիրը»։ Այո՛, ամբողջութեամբ համաձայն ենք այս խօսքին, սակայն այս մէկը հաստատում մը ըլլալէ աւելի դժբախտութեան ցուցադրութիւնն է, որովհետեւ մեր այսօրուան երիտասարդութեան նայելով՝ եթէ պիտի գուշակենք մեր ապագան... ապա շատ յուսադրող ապագայ մը կարելի չէ՛ սպասել մեր ազգին համար. եթէ մերօրեայ երիտասարդութիւնը, իր ընդունած արժէքներով մեր վաղուան հայելին եթէ պիտի ըլլայ, ապա կրնանք վստահ ըլլալ, որ շատ աւելի դժբախտ ապագայ մը կը սպասէ մեր ազգին:
Շարունակենք նման միտքեր յիշել. «Երիտասարդութեան մէջ դիտեցէք մտաւորական դասին դէմքը եւ կրնաք շատ աւելի անվրէպ կերպով գուշակել, տեսնել նոյնիսկ՝ վաղուան գրականութեան ու մշակոյթին պատկերը». ահաւասիկ, ձեզի պարտականութիւն մը. մեր երիտասարդութիւնը դիտելով գուշակեցէք ապագայ մշակոյթն ու գրականութիւնը. պիտի յաջողի՞ք այդտեղ հայկականութիւն գտնել։ Եթէ մերօրեայ երիտասարդութեան մշակոյթի հասկացողութեան հիման վրայ պիտի կազմուի մեր ազգի ապագայ մշակոյթը... ապա ցաւակցութիւններս. մշակոյթը կը մնայ, սակայն ո՛չ հայութիւնը:
Ահաւասիկ, երրորդ մը. «Երիտասարդ մտաւորականներու այս խաւն է, որ մեր մէջ կ՚ապրեցնէ հայ գիրը. կը կարդայ, կը հետաքրքրուի, շարժում ու յուզում կը ստեղծէ եւ կը ստեղծագործէ»։ Իրականութեան մէջ ականջի ի՜նչ անուշ ու հզօր կը հնչեն չէ՞. նման տողեր ստեղծելը դիւրին է. ահաւասիկ բառեր, որոնք կրնան դիւրացնել այդ գործը. «երիտասարդութիւն», «մշակոյթ», «պայքար», «մտաւորականութիւն», «ապագայ». կարելի է առանց սահմաններու գործածել այն բառերը, որոնք կը վերջանան «ութիւն»ով. օրինակի համար՝ երբ փոքր էինք մեծ բառ կը թուէր «հոգեբանութիւն», «փիլիսոփայութիւն» բառերը: Ահաւասիկ գաղտնիքը. մի քանի ձեռքի շարժում, մի քանի «ութիւն» ու հզօր բառեր եւ արդէն կրնաս դառնալ թէ՛ ճառախօս եւ թէ՛ հրապարակագիր:
Այս բոլորը գրած ժամանակ ակամայ յիշեցի այն եկեղեցականը, որ «դրամ»ի փոխարէն մի՛շտ կը գործածէր օր մը պատահականօրէն բառարանի մէջ տեսած «մամոնայ» բառը. ամէ՛ն առիթով այդ բառը գործածելու համար յարմար նախադասութիւն մը կը ստեղծէր. վերջապէս ինք գիտէր այդ բառին իմաստը. չհասկցող հաւատացեալը թող ինքզինք մեղաւոր զգար՝ եթէ չի գիտեր, թէ ինչ կը նշանակէ այդ բառը. ուրիշ մըն ալ մշուշապատ մեր աշխարհը մի՛շտ կը ներկայացնէր «շամանդաղ» բառով, որովհետեւ նման բառեր արժէք կու տան քարոզին ու հաւատացեալը չհասկնալով հանդերձ կը համոզուի, որ լաւ բան մը ըսուած ըլլալու է:
Այս զաւեշտէն առաջնորդուելով այսօրուան յօդուածը կը խորագրենք որպէս «Մամոնայ մը շամանդաղի մէջ». հոգ չէ՛ թէ չհասկցուի. չհասկցուած բանը մի՛շտ աւելի արժէք ունի:
Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս