image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Քաղաքական թուաբանութեան կանոնները ա՛յլ են

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Քաղաքական թուաբանութեան կանոնները ա՛յլ են

Այս թուանշաններուն գումարին չափ եւ անկէ աւելի նախապայմաններ կը հնչեն Պաքուէն` առաւելագոյնը ձեռք ձգելու համար: Միայն Գ. կէտը այնքան առաձգական է, որ թուաբանօրէն անսահմանելիութեան կրնայ առաջնորդել Պաքուի պահանջներու թիւը:

Քաղաքական թուաբանութեան կանոնները ուրիշ են: Այս պարագային կը պարզեն  նախապայմանային քաղաքականութեան մը անվերջ թարմացուող եւ բազմացող թիւերը: Թիւերու խաբկանքը չի կրնար ծածկել տիրող կացութիւնը:

 

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծը անվերջ կ՛ենթարկուի վերախմբագրումներու: Պաշտօնական լրահոսէն պարզ դարձաւ, որ Երեւանը Պաքուին յղած է պայմանագիրի նախագծային բովանդակութեան 10-րդ տարբերակը: Պաքուի արձագանգը ուշ չէր: Իրենց հերթին անոնք յայտարարեցին, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծէն Երեւանը դուրս բերած է որոշ կէտեր եւ թէ Պաքուն իր պատասխանը կը խմբագրէ յառաջիկային:

Ըստ պաշտօնական Երեւանի, խաղաղութեան պայմանագիրի վերջին նախագիծին մէջ կայ  17 յօդուած, որոնցմէ 13-ը լիարժէք համաձայնեցուած են: Տրուած են յաւելեալ մանրամասնութիւններ, որոնց համաձայն` կայ եւս 3 յօդուած, որոնց շուրջ գոյացած է մասնակի համաձայնութիւն:

Յստակ չեն կէտերը. իսկ մասնակիի բացատրութիւնը այն է, որ յօդուածին մէջ  նախադասութիւններու շուրջ միայն համաձայնութիւն կայ: Փորձ կ՛ըլլայ ուրեմն այնպէս ընկալելի դարձնել, որ 17-էն 13-ը համաձայնեցուած է, 3-ը` մասնակի, իսկ մէկը տակաւին քննարկելի է:

Հիմա փորձենք նկատել, որ այս «դրական» ներկայացուած բանակցային պատկերին նկատմամբ ի՞նչ է Պաքուի դիրքորոշումը:

Նախագիծի վերախմբագրուած տարբերակներու անվերջանալի երթուդարձին առընթեր Պաքուն նոր խնդիրներ կ՛արծարծէ, երբեմն ուղղակի, երբեմն անուղղակի նախապայմաններու տեսքով:

Ազրպէյճանի նախագահին, անոր խորհրդականին եւ արտաքին գործոց նախարարին վերջին յայտարարութիւնները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.

Ա.- Հայաստանի սխալ քաղաքականութիւնը  կը  խաթարէ խաղաղութեան գործընթացը:

Բ.- Եթէ Հայաստան անկեղծօրէն շահագրգռուած է խաղաղ գործընթացով, պէտք է լրջօրէն քննարկէ ձեռնարկուած քայլերը:

Գ.- Երեւանէն կը սպասուին լուրջ փոփոխութիւններ:

Ե.- Հայաստանը պէտք է հրաժարի իր հարեւաններուն եւ, նախ եւ առաջ, Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններէ: Հետեւաբար փոխէ Սահմանադրութիւնն ու ներքին օրէնսդրութիւնը:

Զ.- 2024 թուականի համեմատ Հայաստանի ռազմական պիւտճէն աւելցած է  գրեթէ 50 առ հարիւրով: Այս գործընթացը խոչընդոտ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար:

Է.- Սահմանազատման յանձնախումբերու միացեալ գործունէութեան մասին կանոնակարգի համաձայնագիրը բաւարար հիմք է Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս բերելու համար:

Ը.- Հայաստանը «բռնագրաւող երկիր» է: Հայաստանի զինեալ ուժերուն նկատմամբ սահմանափակումներ պէտք է կիրարկուին:

Թ.- ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հարցին մէջ Հայաստանի դիրքորոշումը տարակուսանք կը յառաջացնէ:

Ի.- Հայաստանը շահագրգռուած չէ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումով եւ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումով:

Այս բոլորը Պաքուի կողմէ անվերջ նորացուող քաղաքականութեան շղթայական օղակներն են, որոնք պիտի շարունակեն հիւսուիլ, բարձրաձայնուիլ, պահանջուիլ:

Հայկական կողմի յայտարարութիւնները, թէ 17-13-3=1 հեռու է իրականութեան համապատասխանելէ: Այս թուաբանութեամբ Երեւանը այն տպաւորութիւնը կը փորձէ տարածել, որ բացի հիմնական մէկ կէտէ ամէն ինչ համաձայնեցուած է:

Այս թուանշաններուն գումարին չափ եւ անկէ աւելի նախապայմաններ կը հնչեն Պաքուէն` առաւելագոյնը ձեռք ձգելու համար: Միայն Գ. կէտը այնքան առաձգական է, որ թուաբանօրէն անսահմանելիութեան կրնայ առաջնորդել Պաքուի պահանջներու թիւը:

Քաղաքական թուաբանութեան կանոնները ուրիշ են: Այս պարագային կը պարզեն  նախապայմանային քաղաքականութեան մը անվերջ թարմացուող եւ բազմացող թիւերը: Թիւերու խաբկանքը չի կրնար ծածկել տիրող կացութիւնը:

 

«Ա.»