image

Յունաստանի մէջ Թուրքիոյ հետ պատերազմելու կողմնակիցներ կան. Յունաստանի վարչապետ

Յունաստանի մէջ Թուրքիոյ հետ պատերազմելու կողմնակիցներ կան. Յունաստանի վարչապետ

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսն անդրադարձած է թուրք-յունական յարաբերութիւններուն՝ նոյեմբեր 8-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի՝ Աթենք իրականացնելիք այցին ընդառաջ։

Այս մասին յայտնած է ermenihaber.am-ը:

Ան, պաշտպանելով Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն ունենալու տեսակէտը, նշած է, որ կողմնակից է խաղաղութեան։

Միցոթաքիսը շեշտած է, որ Յունաստանի մէջ ընդդիմադիր «Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան» մէջ կան շրջանակներ, որոնք դէմ են Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան։

«Երկխօսութեան դէմ արձագանգողներու այլընտրանքային առաջարկը ի՞նչ է։ Անոնք կը նախընտրեն հանգի՞ստ, թէ՞ ալեկոծ ջուրերը»,- աւելցուցած է ան։

Յունաստանի ղեկավարը նշած է նաեւ, որ անցած 5 տարուան հետ համեմատութեամբ յունական կողմն աւելի զօրաւոր դարձած է՝ թէ՛ աշխարհաքաղաքական, թէ՛ պաշտպանութեան եւ թէ՛ տնտեսութեան տեսնանկիւնէ, ապա ըսած․

«Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններու կողմնակիցն եմ։ Մեր յարաբերութիւններն այժմ աւելի լաւ վիճակի մէջ են, քան նախապէս։ Ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններն ալ լաւ են։ Նայեցէ՛ք մեր աշխարհագրութեան։ Մենք դատապարտուած ենք Թուրքիոյ հետ միասին ապրելու։

Նոյնիսկ կ՚ըլլան «պատերազմինք Թուրքիոյ հետ» ըսողներ, բայց այդ անընդունելի է»։ 

Նշենք, որ Ֆիտանը Յունաստան պիտի մեկնի յունուարին Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Միցոթաքիսի գլխաւորութեամբ կայանալիք «Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի» նախապատրաստական աշխատանքներու իրականացման համար։