Իրանի ուղղութեամբ իսրայէլեան հարուածի հետեւանքով իրանեան բանակի երկու զինծառայող զոհուած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ISNA գործակալութիւնը:
Ըստ առկայ տուեալներու՝ զոհուածներէն մէկը մայոր Համզա Ճահանտիտէն է։ Հարուածի ժամանակ ան գտնուած է Խուզեստան հարաւային նահանգին մէջ: Երկրորդ զոհուածի ինքնութեան մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Իսրայէլը հոկտեմբեր 26–ի գիշերը օդային յարձակում գործած է Իրանի վրայ: Թիրախները եղած են «Ցամաք – օդ» հրթիռային համալիրները, ՀՕՊ միջոցները: 2 000 քմ հեռաւորութենէ գործի դրուած է աւելի քան 100 ինքնաթիռ:
Իրանէն նշած են, որ հարուածներո ենթարկուած են Թեհրան, Խուզեստան եւ Իլամ նահանգներու ռազմական կեդրոնները: ՀՕՊ ուժերը ետ մղած են յարձակումը, սակայն, այնուամենայնիւ, վնաս հասցուած է: