Սէուտական Արաբիոյ մէջ եղանակային արտասովոր պայմաններ են. անապատին մէջ ձիւն եւ կարկուտ տեղացած է, յայտնած է khaleejtimes.com կայքը:
Ձիւնն ու կարկուտը տեղացած են Ալ Ճաուֆ շրջանին մէջ: Որոշ հատուածներու մէջ ալ անձրեւներ տեղացած են, որու շնորհիւ բուսականութիւնը ծաղկած է:
Սէուտական Արաբիոյ օդերեւութաբանական վարչութիւնը նախազգուշացուցած է, որ առաջիկայ օրերուն Ալ-Ճաուֆի շրջաններու մեծ մասին մէջ ամպրոպի, անձրեւի, կարկուտի եւ փոթորիկներու հաւանականութիւն կայ: