image

Անորոշութիւն Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւններուն շուրջ. Նահանգապետը վերապահումներ ունի

Անորոշութիւն Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւններուն շուրջ. Նահանգապետը վերապահումներ ունի

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն շուրջ կրկին անորոշութիւն ստեղծուած է: Յուլիսի սկիզբը պատրիարքական ընտրութիւնները կազմակերպող նախաձեռնակ մարմինը Պոլսոյ նահանգապետարան ուղարկուած դիմումով Ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցած էր ինչպէս նախաձեռնակ մարմնի կազմը, այնպէս ալ ընտրութիւններու իրականացման օրը: Ընտրական գործընթացի յառաջխաղացման համար անհրաժեշտ է, որ Ներքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանէ պատրիարքութեան նամակին եւ յանձնարարութիւն տայ ընտրութեան իրականացման համար:

Սակայն, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս» շաբաթաթերթը, պնդումներ կը շրջանառուին, որ Պոլսոյ նահանգապետ Վասիփ Շահին Նախաձեռնակ մարմնի որոշ անդամներու վերաբերեալ վերապահումներ ունի: Ըստ «Ակօս»ի տեղեկութիւններուն, նահանգապետը յայտնած է, թէ ձեւաւորուած մարմնի կազմէն գոհ չէ, եւ այդ կազմով հնարաւոր չէ ընտրութիւն իրականացնել:

Նշուած է, որ 12 Սեպտեմբերին պատրիարքարանին մէջ տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանի նախագահութեամբ ժողով գումարուած է, որուն նպատակն, ըստ «Ակօս»ի, նահանգապետի առարկութիւնները քննելն էր:

 

Ժողովը որոշած է, որ հարկաւոր է սպասել պետութեան պաշտօնական պատասխանին, որ պէտք է Հոկտեմբերի սկիզբը հասնի: Պատասխան չստանալու կամ բացասական որոշման պարագային պիտի դիմեն Նահանգապետին հանդիպում կազմակերպելու համար:

 

Ժողովէն ետք որոշ տեղեկութիւններ փոխանցած է Նախաձեռնակ մարմնի անդամ, իրաւաբան Սեպու Ասլանկիլ: Ան նշած է, որ Նախաձեռնակ մարմինը իրաւական կարգավիճակ ունի, եւ այս առումով որեւէ առարկութիւն պէտք չէ ըլլայ:

 

«Նախաձեռնակ մարմինը նահանգապետարանին դիմում ներկայացուցած է, այդ դիմումին պատասխանելու համար ժամկէտներ կան: Ժողովի ժամանակ այդ ժամկէտներուն մէջ որոշման սպասելու դիրքորոշումը յաղթեց»:

 

Իսկ նահանգապետի վերապահումներուն մասին շրջանառուող պնդումներուն վերաբերեալ Ասլանկիլ նշած է, որ եթէ պետութեան կողմէ նման վերապահումներ կան, ուրեմն անոնք պէտք է ներկայացնէ պաշտօնական գրութեամբ:

 

«Մենք պաշտօնապէս որեւէ գրութիւն չենք ստացած: Դիմումը ներկայացուցած ենք, կը սպասենք: Քանի որ ընտրական շրջանի մեջ ենք, անընդհատ նման պնդումներ առաջ կը քաշուին»:

 

Ըստ Ասլանկիլի, եթէ ներկայացուած դիմումին պետութեան կողմէ պատասխան չտրուի, կը նշանակէ որ դիմումը մերժուած է: Այս պարագային Նախաձեռնակ մարմինը քանի մը ընտրութիւն ունի, որոնցմէ մէկն ալ դատական հայց ներկայացնելն է:

 

Կայացած ժողովին մասին տեղեկութիւններ հաղորդած է նաեւ ժողովի մասնակից հայկական Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու, նշելով, որ հանդիպումը ընթացած է լարուած մթնոլորտի մէջ, իսկ մասնակիցներու դիրքորոշումը տխրեցուցած է զինք:

 

Ըստ Շիրինօղլուի, ան տեղապահին յայտնած է, որ Նախաձեռնակ մարմինի կազմը կ'անհանգստացնէ պետութիւնը, եւ այն անհրաժեշտ է լուծարել: Ի պատասխան տեղապահ Պէքճեան նշած է, որ ինք գոհ է ընտրութիւնը կազմակերպող մարմնի աշխատանքներէն եւ այն պիտի չլուծարուի: Շիրինօղլու կը կարծէ, որ պէտք չէ նման կերպով մարտահրաւէր նետել պետութեան: