Շիշլի մարզակումբի անմոռանալի նուիրեալներէն հոգելոյս Նազար Հանչէրի յիշատակին այս տարի եւս ճատրակի մրցաշարք մը տեղի ունեցած է։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս մրցաշարքի պատուոյ հիւրն էր հանգուցեալի այրին՝ Էլմոն Հանչէր։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Նարեկեան» սրահին մէջ, 1 Դեկտեմբեր 2024, Կիրակի, տեղի ունեցաւ հոգելոյս Նազար Հանչէրի ի յիշատակ կազմակերպուած ճատրակի երկրորդ մրցաշարքը։ Այս առթիւ եկեղեցւոյ մէջ հիւրընկալուեցան Շիշլիի Մարմնամարզական Ակումբի պատասխանատուները, մասնակից պատանիները եւ իրենց ընտանիքները։
Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պէյօղլուի Ս. եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի եւ Շիշլիի վարչութեան անդամներէն Զարեհ Գարաքաշ, ինչպէս նաեւ Շիշլիի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք, Նազար Հանչէրի այրին՝ արուեստաբան Էլմոն Հանչէր եւ հարազատները։
Դափնեկիրները ստացան իրենց բաժակներն ու մետայլները՝ մինչ բոլորը զիրար շնորհաւորեցին ջերմօրէն։ Բաց աստի Ս. Պատարագի աւարտին յիշատակուեցաւ լուսահոգի Նազար Հանչէրը։