image

Անհատական ողբերգութեան ֆոնին ծանր անձնասպանական դէպք Երեւանի մէջ

Անհատական ողբերգութեան ֆոնին ծանր անձնասպանական դէպք Երեւանի մէջ

Երեւանի մէջ սարսափելի դէպք տեղի ունեցած է:  Վաղ առաւօտեան` ժամը 04։00-ի սահմաններուն Տէրեան փողոցով անցնողներէն մէկը նկատած է, որ ծաղիկի սրահի հարեւանութեամբ ծառէն կախուած երիտասարդի դի կայ եւ անմիջապէս տեղեկացուցած է իրաւապահներուն:

«Sputnik Արմենիան»-ի  հաղորդմամբ՝ ինքնասպանութիւն գործած երիտասարդը 19 տարեկան էր, կ'ապրէր Նոր Նորք վարչական շրջանին մէջ: Ան շուրջօրեայ գործող ծաղիկի սրահին մէջ կ'աշխատէր որպէս վաճառող:

Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ երիտասարդը տարիներ առաջ կորսնցուցած է ծնողները, իսկ նախորդ տարի ալ՝ եղբայրը, որ նոյնպէս ինքնասպան եղած է:

Իրաւապահները կը պարզեն անոր ինքնասպանութեան հանգամանքները: