image

Փարիզեան հանդիպումներ. Կոմիտաս եւ Մարգարիտ Պապայեան. Բացառիկ ցուցահանդէս Երեւանի մէջ

Փարիզեան հանդիպումներ. Կոմիտաս եւ Մարգարիտ Պապայեան. Բացառիկ ցուցահանդէս Երեւանի մէջ

Կոմիտասեան օրեր են: Երեւանի մէջ ամէնուր կը տեսնենք Մեծն Կոմիտասի լուսանկարը, Մեթրոյի մէջ կը հնչեն անոր երգերը: Ծննդեան օրուան առթիւ ծաղկաշատ է անոր շիրիմը՝ Հայ մեծերու՝ իր անունը կրող շիրմատան մէջ:

Սեպտեմբերի 26-ին լրացաւ Կոմիտասի 155-ամեակը եւ պետական ու այլ մակարդակներով զանազան ձեռնարկներ տեղի ունեցան: Այս նշանակալի յոբելեանը կը նշուի մինչեւ տարեվերջ:

Կոմիտաի թանգարան-կաճառի նախաձեռնութեամբ ծաղիկներ դրուեցան անոր շիրմին, պանթէոնի մէջ նաեւ հոգեհանգստեան կարգ տեղի ունեցաւ: Նոյն օրը Կոմիտասի թանգարանին մէջ բացուեցաւ բացառիկ ցուցադրութիւն մը՝ «Փարիզեան հանդիպումներ» խորագրով: Զայն Կոմիտասի 155-ամեակի ծիրէն ներս նուիրուած էր Կոմիտասի հետ առընչութիւն ունեցած դաշնակահարուհի, երգչուհի, երաժշտագէտ, մանկավարժ, Կոմիտասի մտերիմ բարեկամ Մարգարիտ Պապայեանին, որու ալ ծննդեան 150-ամեակը կը լրանայ այս տարի: Ցուցահանդէսին նշուեցաւ շատ կարեւոր հանգամանք մը. 110 տարի յետոյ Կոմիտասն ու Մարգարիտ Պապայեանը դարձեալ հանդիպեցան նոյն յարկի ներքոյ: Ցուցադրութեան ներկայացուած են շուրջ 150 արխիւային փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն՝ վաւերագիրներ եւ լուսանկարներ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն՝ կտաւներ, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի թանգարան-կաճառէն Լալուա ընտանիքի արխիւի փաստաթուղթերէն։ Այս ընտանիքը Մարգարիտ Պապայեանի քրոջ ընտանիքը եղած է, որ թանգարանին նուիրաբերած է հազուագիւտ վաւերագիրներ:

Յայտնի է, որ Մարգարիտ Պապայեանի եւ Արշակ Չօպանեանի ջանքերով՝ Կոմիտասի ձեռագիրները փրկուած են կորուստէն, հաւաքագրուած եւ յանձնուած են Հայաստան՝ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին: Մարգարիտ Պապայեան հայաստանեան գիտական այս կեդրոնին նուիրուած է նաեւ իր արխիւը, այդ կարգին, ինչպէս ինքը նշած է՝ իր ամենաթանկ գանձերը՝ Կոմիտասի նամակները։

Այս ցուցադրութիւնը նաեւ 20-րդ դարու Ֆրանսայի հարուստ մշակութային կեանքը ներկայացնելու նպատակ ունի:

Կոմիտասի կեանքին մէջ Փարիզը նշանակալի դեր ունեցած է. թէ՛ Կոմիտասը եւ թէ Պապայեանը փարիզեան՝ այդ օրերու մշակութային կեանքի կարեւոր մասը եղած են: Առաւել խօսուն են Կոմիտասի եւ Պապայեանի նամակագրութիւնը, որ երկու մեծերու միջեւ ջերմ, ջինջ, անկեղծ յարաբերութիւններու վկայութիւնն է: Ցուցահանդէսը համադրած է Մարինէ Հարոյեան, որ նշեց, թէ Պապայեան ցաւալի կերպով մոռացութեան մատնուած է, մինչդեռ ժամանակին ան մեծ վաստակ ունեցած է, տարածած է հայ երգն ու երաժշտութիւնը, միջազգային մակարդակով ճանաչելի դարձուցած է հայ արուեստը: Իր բոլոր համերգներուն Պապայեան, զանազան ժողովուրդներու երաժշտութիւն կատարելով, անպայման միշտ Կոմիտաս նուագած է:

Պապայեան իսկապէս եղած է հայ երաժշտագիտական ասպարէզին նուիրեալ կիներէն մին: Ան ծնած է մտաւորականներու ընտանիքի մը մէջ եւ իր երկու քոյրերուն հետ ամբողջ կեանքը նուիրած է արուեստին:

Մարգարիտ Պապայեանին մէկ քոյրը՝ Շուշանիկ Պապայեան, դարձեալ դաշնակահարուհի եղած է, իսկ միւս քոյրը՝ Արմինիա Պապայեան, նկարչուհի էր: Պապայեան քոյրերուն ծնողքը նոյնպէս հայ իրականութեան մէջ դեր ունեցած գործիչներ էին: Անոնց հայրը՝ Աւետիք Պապայեան, Ռուսական կայսրութեան մէջ համարում ունեցած եւ ճանչցուած բժիշկ-առողջաբան էր, զբաղած էր գիտական գործունէութեամբ եւ զանազան վայրերու մէջ աշխատելէ ետք 1904 թուականին ընտանիքին հետ վերջնականապէս փոխադրուած էր Փարիզ: Անոր կինը՝ Սոֆիա Պապայեան, հասարակական գործիչ եւ մանկավարժ էր, Թիֆլիզի Հայ բարեգործական ընկերութեան նախագահը: Ան էր, որ Թիֆլիզի մէջ առաջին ժողովրդային մանկապարտէզը բացած էր 1882 թուականին, իսկ մինչ այդ ուսանած էր Գերմանիոյ Կէօթէ քաղաքի Մանկապարտիզպանուհիներու եւ ուսուցչուհիներու վարժարանին մէջ: Նոյն այդ տարիներուն, երբ Սոֆիա Պապայեան Գերմանիա կը գտնուէր ուսանելու նպատակով, հոն իր աւագ դուստրը՝ Մարգարիտ Պապայեան ծնած է 1874 թուականին: Ուրեմն, իր ողջ կեանքը Թիֆլիզի եւ Փարիզի մէջ անցուցած հայ նշանաւոր դաշնակահարուհի Մարգարիտ Պապայեանին ծննդավայրը Գերմանիոյ Կէօթէ քաղաքը կը նշուի, իր մօրը՝ հոն ուսանելու գտնուած ըլլալուն պատճառաւ, սակայն Մարգարիտ Պապայեան իր ամբողջ մանկութիւնը, պատանեկութիւնը անցուցած է Թիֆլիզ, ուր 1901-1904 թուականներուն ուսանած է տեղւոյն երաժշտական ուսումնարանին մէջ, դաշնամուրի դասեր առած է այդ տարիներուն Թիֆլիզի երաժշտական կեանքին մէջ ծանօթ դաշնակահարներէ, այնուհետեւ համերգներ տուած է Անդրկովկասի քաղաքներուն մէջ: Մարգարիտ Պապայեան նաեւ աշխատակցած է մամուլին, երաժշտագիտական յօդուածներ տպագրած է, (մասնաւորապէս ծանօթ են 1895-1896 թուականներուն «Արձագանգ» թերթին մէջ տպագրուած անոր յօդուածները):

Դաշնակահարուհին Թիֆլիզի մէջ նաեւ մանկավարժական աշխատանք տարած է, մեներգութիւն դասաւանդած է Թիֆլիզի երաժշտական ուսումնարանին մէջ, բայց մինչ այդ, Փարիզ մեկնած եւ իր ձայնը մշակած է հոն:

Մարգարիտ Պապայեանի կենսագրութեան մէջ յատկանշական դրուագներէն մին թերեւս Կոմիտասին մեծ բարեկամ ըլլալն է: Կոմիտասի եւ Մարգարիտ Պապայեանի նամակներէն զատ, յայտնի է նաեւ Մարգարիտ Պապայեանի յուշագրութիւնը Կոմիտասի մասին: Երբ Պապայեաններուն ընտանիքը 1904 թուականին փոխադրուած է Փարիզ, հոն 1906 եւ 1914 թուականներուն Մարգարիտ Պապայեան մասնակցած է Կոմիտասի համերգներուն: Մինչ այդ ան արդէն դարձած է Կոմիտասի ամենէն մերձաւոր բարեկամը, զայն քաջալերող խորհրդատուն ու քննադատը, յետագային՝ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է Կոմիտասեան խնամատար յանձնախումբի աշխատանքներուն: Ան եղած է Կոմիտասեան յանձնախումբի Փարիզի փոխ-նախագահը, իսկ Արշակ Չօպանեանի մահէն ետք՝ նախագահը:

Իբրեւ երաժշտութեան քննադատ, տեսաբան, Փարիզի մէջ նոյնպէս աշխատակցած է մամուլին, հոն հիմնած է ձայնամարզութեան դպրոց մը, աշակերտներ ունեցած է, համերգներ տուած է Եւրոպայի տարածքին, իր գործունէութեամբ նպաստած է հայ երաժշտութեան համաշխարհային ճանաչումին: Համերգ-դասախօսութիւններու կարգին Պապայեան ունեցած է նաեւ Կոմիտասի եւ Արշակ Չօպանեանի հետ համերգ-դասախօսութիւններ: Անոր երգացանկը ընդգրկուն եղած է՝ հնագոյն ժամանակներու երաժիշտներէն մինչեւ 19-րդ դարու եւրոպական, ռուսական, հայ դասականներու, ժամանակակից երգահաններու գործեր: Մասնագէտները Մարգարիտ Պապայեանի մեցցօ-սոփրանօ ձայնը բնորոշած են իբրեւ հարուստ ու ճկուն ձայն, իսկ կատարումները՝ նուրբ եւ գեղարուեստականօրէն պարզ:

1951 թուականին Պապայեան արժանացած է համաֆրանսական մրցոյթի մրցանակին: Եղած է Քոլոնյը-Լամուրիօ համերգային ընկերութեան մենակատար, Ֆրանսական երգի վարպետներու միութեան եւ Երաժշտագէտներու ընկերութեան անդամ, ֆրանսական ձայնասփիւռի պաշտօնական մեկնաբան. աշխատակցած է «Լարուս» համայնագիտարանին:

Մարգարիտ Պապայեանի երաժիշտ քոյրը՝ Շուշանիկ Պապայեան, հակառակ որ իր նշանաւոր քրոջ պէս աշխոյժ երաժշտական գործունէութիւն չէ ունեցած, սակայն նոյնպէս այդ տարիներուն կը գործէր Փարիզի մէջ, իբրեւ մանկավարժ եւ դաշնակահար, որ օտարներուն կը ներկայացնէր հայ երգահաններու դաշնամուրային գործերը:

Շուշանիկ Պապայեան եղած է ֆրանսացի երաժշտագէտ Լուի Լալուայի կինը։ Իսկ Արմինիա Պապայեան ամուսնացած էր ֆրանսացի բժիշկ Շարլ Քարփոնէլի հետ: Երեք քոյրերն ալ՝ Մարգարիտ, Շուշանիկ եւ Արմինիա, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողքը, մահացած են Փարիզ: Արմինիա Պապայեանի նկարչական գործերէն այսօր կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Ունենալով երեք դուստր՝ բժիշկ, առողջաբան, գիտական, գիրքերու հեղինակ Աւետիք Պապայեան իր ամբողջ կարողութիւնն ու ուժը ներդրած է դուստրերը հովանաւորելու գործին: Ան քաջալերած, զօրավիգ կանգնած է իր տաղանդաւոր աղջիկներուն, իսկ կինը՝ մտաւոր, բարոյական, հզօր դաստիարակութիւն տուած է դուստրերուն: Սոֆիա Պապայեանը իր ժամանակակիցները բնորոշած են իբրեւ «Հատընտիր հայուհի», որուն տունը ժամանակի մտաւորականութեան հաւաքատեղին եղած է: Թիֆլիզեան անոնց տան մէջ կը հաւաքուէին գործիչներ Պոլիսէն, Ռուսաստանէն, Էջմիածինէն, այլ վայրերէ, եւ այդ աւանդութիւնը շարունակուած է նաեւ Փարիզի անոնց տան երդիքին տակ, ուր Կոմիտասի, Չօպանեանի, Շիրվանզանտէի եւ այլ հայերու կողքին, նաեւ ֆրանսացի գրողներ, նկարիչներ, երաժիշտներ եւ մտաւորականներ կը հաւաքուէին:

Մարգարիտ Պապայեանի՝ Հայաստանին նուիրաբերուած արխիւին մէջ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կան ո՛չ միայն Կոմիտասի, Արշակ Չօպանեանի հետ անոր մտերմութեան, այլ՝ յուշեր Արմենակ Շահմուրատեանի եւ ժամանակի այլ գործիչներու մասին:

Եթէ Կոմիտասի կեանքը բազում տեսանկիւններէ ուսումնասիրուած է, ապա նոյնը չենք կրնար ըսել Պապայեան ընտանիքին նշանաւոր անդամներուն գործունէութեան ուսումնասիրութեան մասին. թերեւս անոնց մէջ ամենէն ուսումնասիրուածը Մարգարիտ Պապայեանի կեանքն է: Այդ ալ, հաւանաբար, Կոմիտասին հետ առընչութիւն ունեցած ըլլալուն պատճառաւ:

Տարիներ առաջ Երեւանի մէջ հայերէնի թարգմանուեցաւ Գանատա բնակող հոգեբոյժ Ռիթա Սուլահեան-Գույումճեանի «Խելագարութեան ակունքներուն մէջ» գիրքը՝ նուիրուած Կոմիտասին, անոր հոգեվերլուծութեան: Այդ գիրքին մէջ հեղինակը Կոմիտասը բնորոշած է իբրեւ աշխոյժ, կեանքով լեցուն մարդ, որ հակառակ իր վարդապետ ըլլալուն, անկեղծ սէր կը տածէր Մարգարիտ Պապայեանի հանդէպ: Ի դէպ, Մարգարիտ Պապայեան երբեք չէ ամուսնացած: Ռիթա Սուլահեան-Գույումճեան իր գիրքին մէջ կը վերլուծէ, որ Կոմիտասը նոյնպէս կրնար սիրոյ ջերմ զգացումներ ունենալ, ինչպէս այդ մէկը բնորոշ է ամէն մարդու, եւ այդ կը վկայեն իր նամակներու տողատակերը, սերտ մտերմութիւնը՝ Պապայեանին հետ:

Տարիներ առաջ Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառը բացառիկ նուիրատուութիւն մը ստացաւ Փարիզէն, որուն մէջ էին նաեւ Մարգարիտ Պապայեանին վերաբերող, մինչ այդ անյայտ, փաստաթուղթեր: Այդ փաստաթուղթերուն մէջ էր նաեւ այն նամակը, որ Վիլժուիֆի հոգեբոյժ տքթ. Լվոֆ յղած է Կոմիտասի խնամատար յանձնախումբի անդամ, երգչուհի, դաշնակահարուհի Մարգարիտ Պապայեանին: Այդ նամակէն պարզ կը դառնայ, որ Մարգարիտ Պապայեան հանդիպած է բժիշկ Լվոֆին, որուն հետ մտերիմ եղած է եւ միջնորդութիւն խնդրած, որպէսզի Կոմիտասը ընդունուի Վիլժուիֆի հանրային հոգեբուժարանը: Այդ ժամանակ Կոմիտասի առողջութիւնը արդէն վատթարացած էր, ան կը գտնուէր «Վիլլ Էվրարի յատուկ տուն» հաստատութեան մէջ, սակայն Ֆրանսայի կառավարութիւնը որոշած էր զինք տեղափոխել հանրային գաւառական հոգեբուժարան մը՝ Փարիզէն եւ հայութենէն հեռու: Եւ քանի որ դժուար էր դէմ դնել այդ կառավարական որոշումին, ապա, Մարգարիտ Պապայեան, գործածելով իր կապերը, այնպէս կ՚ընէ, որ այդ հանրային հոգեբուժարանը ըլլայ իր ծանօթ բժիշկին ղեկավարած Վիլժուիֆի հանրային հոգեբուժարանը, որ քիչ թէ շատ բարւոք պայմաններ ունէր: Նամակէն պարզ կը դառնայ, որ այդ կապը կ՚աշխատի եւ, ինչպէս ծանօթ է, Կոմիտաս կը տեղափոխուի հոն:

Նորայայտ այդ փաստաթուղթերուն մէջ կան նաեւ Մարգարիտ Պապայեանին ուղղուած հոգեբուժարանի բժշկին նամակները, որոնք լոյս կը սփռեն Կոմիտասի ունեցած հիւանդութեան վրայ:

 

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԷՆ՝ ՄԱՐԳԱՐԻՏ ՊԱՊԱՅԵԱՆԻՆ

Սիրելի՛ Օրիորդ Մարգարիտ,

Ձեր նամակն զիս շատ մխիթարեց, բայց եւ այնպէս, մարդիկ կը հաւատան աւելի վատ լուրերուն, քան՝ լաւերուն. եւ անուանարկուածը երկար ջանք պէտք է գործ դնէ, որպէսզի կարողանայ անպիտաններու միտքն ալ մաքրել: Բայց կ՚ըսէք, ի՞նչ փոյթ, թող չարն իր չարութեան մէջ խեղդուի: Իրաւ է, ես ալ կը կրկնեմ ժողովուրդի հետ այն վեհ միտքը, թէ՝ «գէշ մարդու օր արեւը սեւ հողի տակով արէք». միեւնոյն ժամանակ աջ ու ձախ կը նայիմ, կը տեսնեմ, որ մարդիկ առաւել վատահոգի են քան բարեհոգի. չկան, եթէ կան, չեն երեւիր, այնպիսիները, որոնք չարերու վրայ արհամարհանք տածեն, ընդհակառակը, մարդկային թոյլ եւ շատ տկար կողմերէն մէկն ալ այն է, որ լսածին հաւատալ կ՚ուզեն առանց ճշմարտութեան կշիռ ունենալու, այո՜, շատ հեշտ է դատելը՝ մանաւանդ ուրիշը, բայց դատուիլ ո՞վ կը ցանկայ. մարդասպանը նոյնիսկ դատէն կը խուսափի, ո՛ւր մնաց անմեղն ու անպարտը:

Կար ու չը կար,

Մի մոծակ կար:

Բզզաց,

Դզզաց

Եկաւ,

Նըստաւ

Ճակտիս վերան,

Բացաւ բերան,

Հանեց իր փուշ,

Ու եկաւ կուչ,

Ձայնը կտրեց,

Ինծի խաբեց

Կծեց, ծակեց,

Թոյնը թափեց,

Նշան դրաւ

Ելաւ, թռաւ:

«Մոծա՜կ անկոչ,

Երկարապոչ,

Դու բուն չունի՞ս,

Դու քուն չունի՜՞ս,

Իմ ճակատիս

Դու ի՞նչ ունիս»:

-«Այդ պարտքս է,

Բայց ինձ լսէ:

Սազով,

Նազով,

Ձայն եմ տալիս,

Այնպէս գալիս:

Զգուշացիր դու

Դու մլակից,

Որ կծում է

Կաշու տակից»:

8 դեկտեմբեր 1906, Փարիզ

Ես ալ, թէեւ ներսս բոլորովին մաքուր ու ջինջ է, ինչպէս պայծառ ու յստակ վտակ, բայց չար մարդիկ քար կը ձգեն ու կը պղտորեն: Անշուշտ, կ՚անցնի պղտորումը, էլի վճիտ կ՚ըլլայ, բայց եւ այնպէս պղտորելէ յետոյ: Գէթ այնպիսի չար բան մը ըրած ըլլայի, որ անպատուաբեր ըլլար իմ կոչման, սիրտս չէր ցաւեր, կ՚ըսէի՝ «Հնձի՜ր ցանածդ», բայց չարի բերանը չոփ է լեցուցած:

Էլի մոռցած եմ բոլոր բաները, իմ ազնիւ, հաւատարիմ նուագարանս, որ հասարակ սնդուկ է, մետաղի թելով, նա՜ անգամ զիս կը հասկնայ եւ ես իմ սիրտը կը բանամ անոր առջեւ, ան ինծի կը կարեկցի, որպէս ես կը ցանկայի, ան զիս կը հասկնայ, որպէս ես զիս, ան զիս կը մխիթարէ իմ սրտէն բղխած հեծկլտանքներու արձագանգը ինծի անդրադարձնելով, եւ ես էլի կը մխիթարեմ ինքզինքս եւ կ՚ըսեմ, որ կայ բնութեան մէջ ազնիւ բան մը՝ գեղարուեստ, որուն ամէնքը մատչելի չեն, եւ այնտեղ կը գտնեմ իմ անդորրութիւնը եւ հանգստութիւնը եւ կը զգամ, որ վայրկեան մը հեռու եմ սլացած աշխարհի անօրէնութիւններէն:

Ցաւն անցաւ, սպին մնաց: Աստուած իրենց բարին տայ: Վաղը կու գամ եւ տետրակներն ալ հետս կը բերեմ:

Շատ ու շատ բարեւ բոլորիդ

Ձեր անձնուէր՝ Կոմիտաս

 

ՄԱՐԳԱՐԻՏ ՊԱՊԱՅԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԷՆ

«Ամենամեծ յօժարութեամբ շտապեցի արտօնութիւն առնելու Թիֆլիզի նոր կառուցուած շքեղ երաժշտանոցի վարչութենէն եւ նոյն երեկոյեան, քանի մը բարեկամներով շրջապատուած սրտատրոփ կը սպասէինք: Ծառան աղօտ լոյս մը կը վառէ անկիւնի մը վրայ. գրեթէ մութին մէջն ենք եւ ահա բեմ կը բարձրանայ նիհար, սեւազգեստ երիտասարդ մը ու կը նստի դաշնամուրին առջեւ: Խորին տպաւորիչ լռութեան մէջ առաջին անգամ կը լսեմ անոր ձայնը, որ իր կրակոտ հոգւոյն երաժշտավառ ու կարծես արցունքներով շաղախուած լարերէն կ՚երթայ, կ՚երթայ, կը բարձրանայ մինչեւ բարձրերը: Արցունքներս անխնայ կը հոսէին աչքերէս, մինչեւ որ Տիրայր վարդապետ տեսնելով անասելի յուզմունքս, կը կեցնէ ոգեւորուած երաժիշտը. «Բաւական է, բաւական, Կոմիտա՛ս, աղջիկը սպաննեցի՛ր»»:

«1902 թուականներուն էր, Թիֆլիզ, երազուն ու չքնաղ գարնան օր մը, Տիրայր վարդապետը, գալով մեր մօտ, կը յայտնէ, որ Կոմիտաս նոր եկած էր Էջմիածինէն եւ կը փափաքի զայն ծանօթացնել մեզի: Կը յայտնէ, թէ վարդապետը ուրախութեամբ պիտի երգէ մեզի համար, միայն կը փափաքի, որ այդ ըլլար մեծ սրահի մը մէջ, ոչ թէ մեծ հասարակութեան առջեւ, այլ քանի մը ընտրեալներու համար»:

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...