Թուրք լրագրող, CNN Turk-ի խմբագիրներէն Սերտար Քորուճուն թրքական Bianet.org կայքին մէջ անդրադարձած է 1071-ին տեղի ունեցած Մանազկերտի ճակատամարտին, որ կը համարուի թուրքերու պաշտօնական եւ լայնածաւալ մուտքը Փոքր Ասիա, սակայն այս անգամ ոչ պաշտօնական թրքական պատմագրութեան տեսանկիւնէն: Թրքական մամուլին մէջ յայտնուած յօդուածը Մանազկերտի պատմութիւնը առաջին անգամ կը ներկայացնէ հայ պատմիչներու հայեացքով:
Հիմնական Արիստակէսէն եւ Մաթեւոսէն օգտուած թուրք լրագրողի նիւթին մէջ յստակօրէն կը շեշտուի, որ մինչ թուրքերու նախնիներու Փոքր Ասիա հասնիլը տեղի բնիկները հայերը եղած են: Յօդուածը արտատպուած է շարք մը թրքական կայքերու կողմէ:
«Հայկական աղբիւրները շատ կարեւոր դեր ունին սելճուքեան պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ, որուն բուն պատճառը՝ սելճուքներու արշաւանքներու՝ հայերու մայր հայրենիքով անցնելու փաստն է: Այդ մասին նաեւ կը խօսի թուրք պատմաբան եւ փրոֆեսոր Իպրահիմ Թելլիօղլուն իր՝ «Անատոլիայի գրաւումը հայկական աղբիւրներու աչքերով» յօդուածին մէջ, ուր կը խոստովանի, որ եթէ հայկական աղբիւրները չըլլային՝ հնարաւոր չէր ըլլար հասկնալ, թէ ինչպէս սելճուքները Անատոլիան դարձուցած են իրենց հայրենիքը», կը գրէ Քորուճուն:
Կը նշուի, որ թուրք պատմաբանները առաւել ուշադրութեան տակ կը պահեն սելճուքներու կողմէ Էրզրումի գրաւումը, քանի որ այն կը համարուի առաջին հայկական քաղաքը, որ յայտնուեցաւ Անատոլիա եկած թուրքերու ձեռքը:
Իսկ 16 Օգոստոս, 1064-ին սելճուքները յարձակած են Անիի վրայ: «Սա մեծ դժբախտութիւն էր հայ հասարակութեան համար», - կը նշէ թուրք լրագրողը եւ կը շարունակէ. «Անիէն յետոյ յաջորդ թիրախը Մանազկերտն էր: Սակայն ի տարբերութիւն շատերու՝ Մանազկերտի կորուստը այլեւս անակնկալ չէր հայ պատմիչներուն համար, քանի որ Անիի անկումէն ետք այն արդէն զարմանալի չէր»: