image

ԱՄՆ-ի եւ Եմէնի հուսիներու միջեւ հրադադարի համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Օմանի միջնորդութեամբ

ԱՄՆ-ի եւ Եմէնի հուսիներու միջեւ հրադադարի համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Օմանի միջնորդութեամբ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մայիս 6-ին յայտարարած է, որ Ուաշինկթընը պիտի դադարեցնէ Եմէնի մէջ հուսիներու թիրախներու ռմբակոծութիւնները, քանի որ հուսիները համաձայնած են դադրեցնել Կարմիր ծովուն մէջ նաւերու վրայ յարձակումները։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը։

«Անոնք ըսին. «Կը խնդրենք մեզ այլեւս մի ռմբակոծէք, եւ մենք չենք հարուածեր ձեր նաւերը»։ Եւ ես կ՚ընդունիմ անոնց խօսքը, եւ մենք պիտի դադրեցնենք հուսիները ռմբակոծելը՝ սկսած այս պահէն», -ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնիի հետ Սպիտակ տան մէջ հանդիպման ժամանակ։

Թրամփի յայտարարութենէն կարճ ժամանակ անց Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր ալ-Պուսաիտին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները եւ հուսիները համաձայնութեան եկած են Եմէնի մէջ հրադադարի շուրջ՝ սուլթանութեան միջնորդութեամբ։

«Օմանի Սուլթանութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եմէնի Հանրապետութեան՝ Սանայի մէջ գտնուող համապատասխան իշխանութիւններու հետ վերջերս տեղի ունեցած քննարկումները եւ շփումները, որոնք նպատակ ունէին թուլացնել լարուածութիւնը, յանգեցուցած են երկու կողմերու միջեւ հրադադարի համաձայնութեան: Ապագային ոչ մէկ կողմ պիտի թիրախաւորէ միւսը, այդ շարքին՝ ամերիկեան նաւերը Կարմիր ծովուն եւ Պապ էլ-Մանտեպի նեղուցին մէջ՝ ապահովելով նաւարկութեան ազատութիւնը եւ միջազգային առեւտրային նաւագնացութեան անխափան ընթացքը», - գրած է ալ-Պուսաիտին X-ի էջին:

Եմէնի մէջ մարտ 15-էն Ուաշինկթընի մեկնարկած գործողութեան ընթացքին, ըստ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու, հարուած հասցուած է աւելի քան 1000 թիրախի։ Ըստ ամերիկեան կողմի՝ սպանուած են հարիւրաւոր հուսի մարտիկներ եւ անոնց բազմաթիւ ղեկավարներ։