Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնները յայտարարութիւն տարածած են վերահաստատելով իրենց աջակցութիւնը Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեանն ու տարածքային ամբողջականութեան:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ իրենք պիտի շարունակեն օժանդակել իր տարածքը պաշտպանելու Ուքրանիոյ ջանքերուն այնքան, որքան ատոր կարիքը ըլլայ:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները հեռախօսազրոյցներ ունեցած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ: Երեք երկիրներու կառավարութիւնները կեղծ որակած են Ռուսիոյ Դաշնութեան մեղադրանքները, թէ Ուքրանիան մտադիր է «կեղտոտ ռումբ» կիրառել իր իսկ տարածքին մէջ: Նշուած է, որ աշխարհը կ'ուսումնասիրէ այս մեղադրանքը որպէս մագլցումի պատրուակ օգտագործելու փորձ: «Մենք կը մերժենք Ռուսիոյ կողմէ որեւէ պատրուակ մագլցումի համար»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարները նշած են, որ վճռական տրամադրուած են անվտանգութեան ապահովման, տնտեսական եւ մարդասիրական հարցերուն մէջ Ուքրանիոյ եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդին աջակցութիւնը շարունակելու առումով: