image

ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Մեծ Բրիտանիա կեղծ կը համարեն Ռուսիոյ մեղադրանքները Ուքրանիոյ կողմէ «կեղտոտ ռումբ» կիրառելու մտադրութեան մասին

ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Մեծ Բրիտանիա կեղծ կը համարեն Ռուսիոյ մեղադրանքները Ուքրանիոյ կողմէ «կեղտոտ ռումբ» կիրառելու մտադրութեան մասին

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնները յայտարարութիւն տարածած են վերահաստատելով իրենց աջակցութիւնը Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեանն ու տարածքային ամբողջականութեան:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ իրենք պիտի շարունակեն օժանդակել իր տարածքը պաշտպանելու Ուքրանիոյ ջանքերուն այնքան, որքան ատոր կարիքը ըլլայ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները հեռախօսազրոյցներ ունեցած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ: Երեք երկիրներու կառավարութիւնները կեղծ որակած են Ռուսիոյ Դաշնութեան մեղադրանքները, թէ Ուքրանիան մտադիր է «կեղտոտ ռումբ»  կիրառել իր իսկ տարածքին մէջ: Նշուած  է, որ աշխարհը կ'ուսումնասիրէ այս մեղադրանքը որպէս մագլցումի պատրուակ օգտագործելու փորձ: «Մենք կը մերժենք Ռուսիոյ կողմէ որեւէ պատրուակ մագլցումի համար»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարները նշած են, որ վճռական տրամադրուած են անվտանգութեան ապահովման, տնտեսական եւ մարդասիրական հարցերուն մէջ Ուքրանիոյ եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդին աջակցութիւնը շարունակելու առումով: