image

ԱՄՆ-Չինաստանի նախագահներ հեռահաղորդակցութիւն

ԱՄՆ-Չինաստանի նախագահներ հեռահաղորդակցութիւն

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին 28 յուլիսին հինգերորդ հեռախօսազրոյցը ունեցած են: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝  այս մասին յայտնած է Reuters-ը:

Երկիրներու ղեկավարները խօսած են աւելի քան երկու ժամ՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի Չինաստանի կողմէ Թայուան հնարաւոր այցի կապակցութեամբ մտահոգութիւններու առիթով:

Սպիտակ տունէն յայտնած են, որ զանգը սկսած է առաւօտեան ժամը 8:33-ին եւ աւարտած 10:50-ին: Ամերիկացի պաշտօնեաները յայտարարած էին, որ երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն լայն օրակարգ: