Սաստիկ սառնամանիքներու պատճառով ամերիկեան 24 քաղաքներ թարմացուցած են ցած ջերմաստիճանի մրցանիշերը։ Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ օդերեւութաբանական ազգային ծառայութեան թուիթըրեան էջին։
Օդերեւութաբաններու կանխատեսումներով՝ 16 փետրուարին ջերմաստիճանը կրնայ աւելի իջնել, կը սպասուին ջերմաստիճանային նոր մրցանիշեր։ Այսպիսով՝ Թեքսաս նահանգի Քորպուս-Քրիսթի եւ Հիւսթըն քաղաքներուն մէջ ջերմաստիճանը հասած է -8-ի՝ 1895 եւ 1905 թուականներէն ի վեր առաջին անգամ։ 11 Փետրուարին Թեքսասի մէջ սկսած է ձիւնամրրիկ, որ կը շարունակուի մինչեւ հիմա։
Միննեսոթա նահանգին մէջ ջերմաչափի սնդիկի սիւնը հասած է մրցանշային՝ -38 աստիճանի։ Վերջին անգամ նման ջերմաստիճան գրանցուած էր 1939 թուականին։ Նեպրասքա նահանգի քաղաքներէն մէկուն մէջ 1881 թուականէն ի վեր առաջին անգամ գրանցուած է -33 աստիճան ցուրտ։
Թեքսասի, Արքանզասի, Իլինոյսի, Քենթաքիի, Ինտիանայի եւ Օհայոյի մէջ ձիւն տեղացած է։ 26 նահանգներու մէջ բնակող աւելի քան 150 մլն ամերիկացիներ եղանակային վտանգաւորութեան մասին նախազգուշացում ստացած են։ Շարք մը քաղաքներու մէջ ելեկտրականութիւնն անջատուած է, ճանապարհները ծածկուած են սառոյցով։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ