1979-ին տապալած Իրանի շահի որդին՝ Ռեզա Փահլաւին, Իրանի ցուցարարներուն կոչ ըրած է շարունակելու փողոցային ցոյցերը եւս երկու գիշեր եւ գրաւելու քաղաքներու կեդրոնները։
X-ի իր էջին ան նաեւ ուժանիւթի եւ փոխադրութեան աշխատողներուն կոչ ըրած է սկսելու գործադուլներ ողջ երկրով մէկ:
Իրանի մէջ համացանցի կապն անջատուած է, ըստ Iran International կայքի հրապարակումներու, երկրին մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը։
Փահլաւին, որ կ՚ապրի Միացեալ Նահանգներու մէջ, X-ի էջին իր գրառման մէջ ըսած է․ «Համոզուած եմ, որ, մեր փողոցային ներկայութիւնն աւելի նպատակային դարձնելով եւ միաժամանակ ֆինանսական կենսագիծերը կտրելով, ամբողջութեամբ ծունկի կը բերենք Իսլամական Հանրապետութիւնը եւ անոր մաշած ու փխրուն ճնշման մեքենան»:
Ան նշած է, որ իրենց նպատակն է պատրաստուիլ քաղաքներու կեդրոնները գրաւելուն եւ պահելուն՝ կոչ ընելով մարդոց «հաւաքելու անհրաժեշտ պաշարները»:
Ուղերձի աւարտին Փահլաւին նշած է, որ կը պատրաստուի վերադառնալ երկիր, որ «ազգային յեղափոխութեան յաղթանակի» պահուն ըլլայ իրանցիներու կողքին։