image

Փութին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ամերիկեան պատուիրակութեան հետ իր ունեցած բանակցութեանց մասին

Փութին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ամերիկեան պատուիրակութեան հետ իր ունեցած բանակցութեանց մասին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հնդիկ լրագրողներուն տուած հարցազրոյցին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի հետ բանակցութիւններու ժամանակ ինքը ստիպուած եղած է մանրակրկիտ քննարկել Ուաշինկթընի կողմէ առաջարկուած՝ Ուքրանիոյ հարցով խաղաղութեան ծրագրի գրեթէ բոլոր կէտերը։

Նախագահի խօսքով՝ փաստաթուղթն առաջին անգամ ներկայացուած էր, ուստի քննարկումը զգալի ժամանակ պահանջած է։

Գրեթէ 5 ժամ տեւած հանդիպումը տեղի ունեցած է դեկտեմբեր 2-ի երեկոյեան, Քրեմլի մէջ։ Փութինը ընդունած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը, ինչպէս նաեւ ամերիկացի առաջնորդի փեսան՝ Ճարետ Քուշները։ Անոնց այցը կապուած էր Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան կարգաւորման ամերիկեան առաջարկներու քննարկման հետ։

Փութին նշած է, որ արդիւնքներու մասին խօսիլը դեռ վաղ է, բայց ընդգծած է, որ հանդիպումն ինքնին անհրաժեշտ էր եւ ժամանակին։

Խօսելով Տոնպասի հարցի մասին՝ Փութինը յիշեցուցած է, որ Ռուսիան երկար ժամանակ փորձած է փոխգործակցութիւն հաստատել Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու եւ Քիեւի միջեւ, սակայն Ուքրանիան հրաժարած է ճանչնալ այդ կազմաւորումները: Նախագահի խօսքով՝ երբ պարզ դարձաւ, որ այդ տարածքները ոչնչացման անմիջական սպառնալիքի ներքոյ են, Ռուսիան ստիպուած էր ճանչնալ զանոնք:

Գնահատելով իրավիճակի հետագայ զարգացումը՝ Փութինը յայտարարած է, որ Քիեւի կողմէ վերահսկուող շրջանները պիտի ազատագրուին կամ ուժային ճանապարհով, կամ ուքրանական ստորաբաժանումներու հեռացումէն ետք:

«Կամ մենք ուժով կ՚ազատագրենք այդ տարածքները, կամ ուքրանական զօրքերը կը հեռանան այդ տարածքներէն եւ կը դադրին սպանել մարդոց», –ըսած է Ռուսիոյ առաջնորդը:

Փութին դեկտեմբեր 4-5-ը պիտի այցելէ Հնդկաստան՝ երկրի վարչապետի հրաւէրով: