Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այսօր այցելած է զինուորական պանթէոն՝ Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Արցախեան գոյամարտի ընթացքին զոհուած նահատակներու յիշատակին։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Վեհափառ հայրապետի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝«Այսօր այցելեցինք Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ մեր աղօթքը բարձրացնելու նահատակ քաջորդեաց հոգիների հանգստութեան համար։
Խունկ եւ օրհնութիւն մեր հերոս զաւակների անմահ յիշատակին»։