image

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդէս եկաւ բանախօսութեամբ «Մարդիկ որպէս եղբայրներ եւ երկրի ապագան. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» միջազգային համաժողովին

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդէս եկաւ բանախօսութեամբ «Մարդիկ որպէս եղբայրներ եւ երկրի ապագան. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» միջազգային համաժողովին

6-7 Հոկտեմբերին Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի հիմնական կրօններու առաջնորդներու 35-րդ միջազգային համաժողովը` «Մարդիկ որպէս եղբայրներ եւ երկրի ապագան. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» խորագրով: Յանուն խաղաղութեան եւ երկխօսութեան այս միջազգային հաւաքը 1986-էն սկսեալ կը կազմակերպուի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ գործող եւ աշխարհականներէ բաղկացած Սանթ Էճիտիօ համայնքը:

Համաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` ներկաներուն փոխանցելով իր օրհնութեան խօսքը:

Վեհափառ Հայարապետը, ողջունելով Սանթ Էճիտիոյի համայնքի կազմակերպած միջկրօնական ու միջմշակութային երկխօսութեան հերթական համաժողովի մասնակիցները, Իր  օրհնութիւնն ու գնահատանքը բերաւ կազմակերպիչներուն եւ նախաձեռնողներուն:

«… Հակառակ պատմական տարբեր փորձառութիւնների, առկայ կրօնական, մշակութային եւ աշխարհընկալման տարբերութիւնների` մենք բոլորս մէկ Աստծոյ զաւակ ենք, եղբայրներ եւ քոյրեր` միաւորուած Աստծոյ սիրով: Եւ հէնց այս բազմազանութեան մէջ մեր սիրոյ միութիւնն է` Աստծոյ զաւակ լինելու վաւերական վկայութիւնը: Աստծոյ ամենախնամ սիրոյ գիտակցումն է փոխըմբռնման հիմքը եւ համոզումը, որ բոլոր մարդիկ, իբրեւ Աստծոյ զաւակներ, կրողն են Ամենակալի կողմից շնորհուած խաղաղ, ազատ ու անկախ կեանքի սրբազան իրաւունքի: Այս ընկալումներին հակադրուող քայլերն են նեղացնում միմեանց առաւելագոյնս ճանաչելու եւ հասկանալու հնարաւորութիւններն ու հորիզոնները, փակում նոյն Աստծոյ կողմից արարուած մարդկանց սրտերն ու մտքերը, աչքերն ու ականջները` դարձնելով նրանց անտարբեր միմեանց ցաւի ու դժբախտութեան, նեղութիւնների եւ համամարդկային հիմնախնդիրների նկատմամբ: Աստուածատուր այդ սիրոյ եւ եղբայրութեան մէջ տեղ չունեն թշնամանք ու անհամերաշխութիւն, որոնք այսօր էլ շարունակում են փորձութեան մէջ պահել մարդկային հասարակութիւնը` պատերազմներով ու ահաբեկչութիւններով, նաեւ կրօնական ատելութեամբ ու խտրականութեամբ: Մեր եղբայրներից եւ քոյրերից շատերն աշխարհում ամէն օր ենթարկւում են տիրապետելու մոլուցքից, անարդարութիւնից ծագող բռնութեան տարբեր դրսեւորումների, որոնք ստեղծում են ատելութիւն ծնող հոգեւոր ամայութիւն: Ցեղասպանութիւն վերապրած Մեր ժողովրդի պատմութեան էջերը գրուել են յաճախ նահատակների ու հաւատի վկաների արեամբ: Հետեւաբար, լաւ գիտենք արժէքը սիրոյ, եղբայրութեան, ժողովուրդների բարեկամութեան, խաղաղ ու ապահով կեանքի: Եւ սրտակից ենք մեր եղբայրների ու քոյրերի  տառապանքներին, քանզի Սուրբ Պողոս առաքեալի խօսքով` Աստուած «մէկ արիւնից ստեղծեց մարդկանց բոլոր ազգերը, որ բնակուեն երկրի վրաէ (Գործք Առաք. 17.26)», նշեց Վեհափառ Հայրապետը:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ անդրադարձ կատարեց նաեւ անցեալ տարի մեր ժողովուրդին պատուհասած աղէտալի փորձութեան` Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին, կրած ծանր կորուստներուն եւ պատերազմի հետեւանքներուն: 

Ներկայացնելով տիրող տագնապալի իրավիճակը` Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս խօսեցաւ ռազմագերիներու խնդիրին մասին. «… Գերեվարուեցին շատեր, եւ խաղաղ բնակիչներ, որոնք այսօր շարունակում են ենթարկուել նուաստացումների ու աննկարագրելի խոշտանգումների` հակառակ միջազգային հանրութեան, եկեղեցական կառոյցների եւ մարդասիրական կազմակերպութիւնների կողմից ազատ արձակման վերաբերեալ հնչող յարատեւ կոչերի: Ցանկանում ենք արձանագրել, որ պատերազմական գործողութիւնները ոչ միայն ողբերգութիւն դարձան մեր ժողովրդի, այլեւ հէնց պատերազմը սանձազերծած երկրի` Ադրբեջանի համար, որը նոյնպէս կրեց մարդկային ծանր կորուստնէր: 44-օր տեւած արիւնալի պատերազմը հնարաւոր եղաւ դադարեցնել Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ մեծայարգ Տիար Վլադիմիր Պուտինի ջանքերի շնորհիւ: Հաւատում ենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի միջնորդական առաքելութեամբ կը կարգաւորուի Արցախի կարգավիճակի հարցը: Ադրբեջանի ագրեսիան Արցախի Մեր զաւակների նկատմամբ եւ նման ոճրագործութիւնները այլ ազգերի հանդէպ, անտարակոյս, խստօրէն պիտի դատապարտուեն ողջ միջազգային հանրութեան կողմից, որպէսզի այդպիսի ողբերգութիւններ չկրկնուեն ժողովուրդների կեանքում»:  

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ այսօր համընդհանուր գործակցութեան ու ջանքերու կարիքը կը զգացուի` բարեկարգելու համար մեր ընդհանուր տունը` Երկիր մոլորակը, որպէսզի այնտեղ տիրապետող ըլլայ եւ դէպի երջանկաբեր կարգաւորումներ առաջնորդէ խաղաղութիւնը` մեր Փրկիչին պատգամին համաձայն. «Իրար հետ խաղաղութեա՛մբ ապրէք» (Մարկ. 9.49):  

«…Հեշտընթաց չեն փոխըմբռնման ու փոխճանաչողութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան ճանապարհները, բայց միշտ` հնարաւոր, եթէ կան ազնիւ ու մաքուր հոգով համամարդկային բարօրութեանը, խաղաղ ու ստեղծագործ կեանքին ծառայելու կամքը, ձգտումը: 

Աշխարհի չորս անկիւններում ապրող մեր ժողովուրդի զաւակները տարբեր ազգերի հետ խաղաղ համակեցութեամբ լաւագոյն վկայութիւնն են բերում մշակոյթների եւ կրօնների երկխօսութեան, եւ հաւատում ենք, որ միմեանց նկատմամբ ազնիւ եղբայրասիրութեամբ ու համատեղ ջանքերով իրականանալու է մարգարէական խօսքը, երբ ազգերն «իրենց սուսերներից խոփեր պիտի ձուլեն եւ իրենց սուիններից` մանգաղներ» (Ես. 2.4):

Մենք աղօթում ենք, որ  բացուեն բոլոր մարդկանց սրտերն ու մտքերը` մարդկութեան կեանքի նորոգման համար մարդուն վերահաստատելով Աստծուն արարչակից լինելու իր ճշմարիտ կոչման ու նպատակի մէջ», ըսաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը:

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը հայցեց, որ Աստուած օրհնէ բոլոր ազնիւ ջանքերը յանուն խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու համերաշխութեան: