image
Հրատապ լուրեր:

ՄԱԿ-ի 80-րդ նստաշրջան համաժողովին զուգահեռ․ Մերձաւոր Արեւելքը մեղմ ասած կ՚եռայ

ՄԱԿ-ի 80-րդ նստաշրջան համաժողովին զուգահեռ․ Մերձաւոր Արեւելքը մեղմ ասած կ՚եռայ

Նկատելի է նաեւ, որ Շարըհի այցը կը դնէ Սուրիան Մերձաւոր Արեւելքի վերաձեւուող ուժային քարտէզին վրայ ։ Մինչ Ասատը իր գոյութիւնը կը կապէր իրանեան եւ ռուսական աջակցութիւն, Շարըհ կը փորձէ հաւասարակշռուած խաղ մը վարել․ միաժամանակ չկտրելով կապերը տարածաշրջանային աւանդական դաշնակիցներուն հետ, բայց նաեւ դուռ բանալով Արեւմուտքի առջեւ։ Այսպիսի մօտեցումը կրնայ ապագային Սուրիոյ համար դառնալ կամ հսկայական հնարաւորութիւն, կամ նոր վտանգ, որովհետեւ ուժային ճամբարներու միջեւ ճկունութիւն պահելը միշտ ալ ունի գին։

Վերջապէս, Սուրիա–Իսրայէլ «անվտանգութեան համաձայնագիր»ի մասին քննարկումները կը յուշեն, որ նոր իշխանութիւնը կը փնտռէ իր գոյատեւման ռազմավարական ուժեղ երաշխիքներ։ Թէեւ շեշտադրուած է, որ համաձայնագիրը չի նշանակեր լիարժէք յարաբերութիւններու կարգաւորում, սակայն ինքնին փաստը, որ նման քննարկում գոյութիւն ունի, կը ցոյց տայ տարածաշրջանի նոր տրամադրութիւնները։ Տարիներ շարունակ Դամասկոս–Թէլ Աւիւ կապը կը սահմանափակուէր միայն ռազմական թշնամանքով։ Այսօր օրակարգին մէջ կարելի է պատկերացնել «մինիմալ անվտանգութիւն»ի ապահովում։

Այս ամէնը կը վկայեն, որ Սուրիան անցած է շրջադարձային փուլի մը․ միջազգային քաղաքականութեան մէջ այլեւս չի փափաքիր մենաւոր խաղացող ըլլալ, այլ կ՚ուզէ տեղ ունենալ ուժային նոր դասաւորութեան մէջ։ Շարըհի Նիւ Եորքեան ելոյթը, այս իմաստով, կրնայ դառնալ Սուրիոյ նոր դարաշրջանի սկիզբը։

 

 

 

Սուրիոյ մասնակցութիւնը գագաթին․ 60 Տարի առաջ եւ այսօր

ՄԱԿ-ի նստաշրջանի օրերն են։ Թիւով արդէն 80-րդ համաժողովն է, որուն առաջին անգամ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ահմատ Շարըհ։ Այցը կը նշանակուի տարբեր առումով։ Անոր կարեւորութիւնը ոչ միայն այն է, որ աւելի քան վաթսուն տարիէ ի վեր Սուրիան իբրեւ պետութիւն չէր կարողացած իր ձայնը լսելի դարձնել, այլ նաեւ այն, որ Սուրիոյ ներկայութիւնը կը համընկնի այնպիսի պահու մը, երբ մեղմ ասած Մերձաւոր Արեւելքը բառին բուն ու փոխաբերական իմաստով՝ կ՚եռայ։

Նախագահ Ահմատ Շարըհ մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ նշանակալից այցելութեամբ։ Ան ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նստաշրջանին։ 

Շարըհ իշխանութեան եկաւ անցեալ Դեկտեմբերին, երբ ընդդիմադիր լայն շրջանակներու աջակցութեամբ յաջողեցաւ տապալել Սուրիոյ երկարամեայ նախագահ Պէշշար Ասատը։ Այսպիսով, ան կը դարձաւ առաջին սուրիացի ղեկավարը, որ 60 տարուան բացակայութենէ ետք կը մեկնի Ամերիկա եւ ելոյթ կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն՝ Նուրետտին Աթասիի 1967-ի ելոյթէն ետք։

Այս իրադարձութիւնը ջրբաժանի մը առաջ կը դնէ Սուրիան։ Ուստի հետաքրքրական է համեմատել Շարըհի այս օրերուն կատարած այցը եւ ելոյթը՝ շուրջ 60 տարի առաջ Աթասիի ՄԱԿ կատարած այցելութեան հետ։

Նմանութիւններ

1. Պատմական խորհրդանշականութիւն – Երկու ելոյթներն ալ կը փորձեն Սուրիան ներկայացնել իբրեւ ինքնուրոյն դերակատար միջազգային բեմին վրայ։

2. Քաղաքական անցումի ժամանակաշրջան – 1967-ին Աթասիի ելոյթէն քիչ ետք Սուրիան ճաշակեց Վեցօրեայ պատերազմի աղէտը։ Այսօր Շարըհ կը ներկայանայ անմիջապէս այն պահուն, երբ նոր իշխանութիւնը տապալեց երկարամեայ Ասատեան վարչակարգը։ Երկու դէպքերն ալ կը կապուին իշխանափոխութեան եւ ճակատագրական շրջադարձերու։

3. ԱՄՆ մուտքի բացառիկ առիթ – Սուրիոյ ղեկավարներ հազուադէպ եղած են Ուաշինկթընի կամ Նիւ Եորքի մէջ։ Աթասիի եւ Շարըհի այցերը դիտուին իբրեւ անսովոր եւ ուշագրաւ դէպքեր։

Տարբերութիւններ

1. Միջազգային համատեքստ – Աթասիի ելոյթը (1967) տեղի ունեցաւ արաբ–իսրայէլեան պատերազմի օրերուն, երբ Սուրիան պարտութիւն կրած եւ արժանապատուութիւնը  վիրաւորուած էր Շարըհի ելոյթը տեղի ունեցաւ իբրեւ նոր ղեկավարի յաղթանակի ներկայացում եւ միջազգային ճանաչում ապահովելու փորձ։

2. Ներքին իշխանական դիրքաւորում – Աթասի մաս էր «Պասս» կուսակցութեան վերնախաւին եւ իր ուժը կախեալ էր զինուորական վարչամեքենայէն։ Շարըհ եկած է իշխանութեան հակա-Ասատեան դաշինքի գլխաւորութեամբ։

3. Արտաքին արձագանգի ակնկալիքներ – Աթասի ՄԱԿ կը դիմէր Իսրայէլը դատապարտելու եւ Արաբական միասնականութիւնը շեշտելու համար։ Շարըհ կը դիմէ միջազգային ընտանիքին՝ օրինականութիւն ու աջակցութիւն ստանալու, Սուրիոյ վերակառուցման եւ նոր դիւանագիտական ուղեգիծ հաստատելու նպատակով։

 

Սուրիա–Իսրայէլ համաձայնութիւնը «մարմանդ կրակի» վրայ

Վերջին օրերուն ակնյայտ է, որ Սուրիան կը մտնէ նոր քաղաքական փուլ։ Նախագահ Ահմատ Շարըհ առաջին անգամ չէ, որ խօսած է «անվտանգութեան համաձայնագիր»ի մասին։ Սակայն այս անգամ իրավիճակը աւելի խորքային է։ Դամասկոս, երկար տարիներու պատերազմէն եւ վերջերս կատարուած իշխանափոխութենէն ետք, կը փորձէ խուսափիլ նոր զինեալ առճակատումներէ եւ ամրապնդել իր դիրքերը միջազգային թատերաբեմին վրայ։

 Աւելի վաղ Շարըհ յայտարարած էր, թէ համաձայնագիրը չի նշանակեր երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորում։ Ակնյայտ է, որ Սուրիան կը փորձէ զանազանել անվտանգութեան նեղ հարցերը քաղաքական լայն համաձայնութիւններէն։ Այս մօտեցումը կը ցուցնէ թէ՛ խոր անվստահութիւն Իսրայէլի հանդէպ, եւ թէ՛ իրատեսական ձգտում՝ խուսափելու նոր պատերազմներէ։

Լոնտոնի վերջին հանդիպումը՝ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ, ուր կողմերը փորձեցին նախնական համաձայնութիւն մշակել, կը մատնանշէ արտաքին ճնշումներու ներկայութիւնը։ Իսրայէլի պահանջը՝ հարաւ–արեւմտեան Սուրիոյ մէջ երեք ապառազմականացուած գօտիներու ստեղծում, ցոյց կու տայ, որ Թել Ավիւ կը փորձէ ընդարձակել իր անվտանգութեան գօտին՝ զայն ներս բերելով Սուրիոյ սահմաններուն մէջ։

Հերմոն լեռան վերահսկողութեան պահպանումը Իսրայէլի կողմէ կը վկայէ, որ վերջինս պատրաստ չէ զիջելու իր նոր ռազմավարական դիրքերը։ Փաստացի, այս պայմանները պարտադրուող են Սուրիոյ համար, որ այժմ կը գտնուի փխրուն վերականգնման փուլին մէջ։

Վերլուծաբանները կը հարցադրեն՝ արդեօք Սուրիան իր անվտանգութեան գրաւականը կը տեսնէ միջազգային միջնորդութիւններու եւ պայմանագրերու մէջ, թէ կը փորձէ ժամանակ շահիլ՝ սպասելով աւելի նպաստաւոր զարգացումներու։ Ամէն պարագայի, ընթացող այս գործընթացը կրնայ դառնալ սկիզբ մը՝ Մերձաւոր Արեւելքի ուժային նոր դասաւորութեան համար։

Նախագահ Շարըհ վերջերս յայտարարեց, որ չի բացառուիր Դամասկոս ստորագրէ «անվտանգութեան համաձայնագիր» Իսրայէլի հետ։ Ան ընդգծեց, որ այդ քայլը չի նշանակեր ոչ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորում, ոչ ալ Աբրահամեան համաձայնագրերուն միացում։ Նախատեսուող փաստաթուղթը պիտի ըլլայ մօտաւորապէս նման 1974-ի «տարանջատման պայմանագիր»ին։ «Դամասկոսը Իսրայէլին չի վստահիր, բայց նաեւ չի փափաքիր կռուիլ անոր դէմ»,– աւելցուց Շարըհ։

Յիշեցնենք, որ վերջերս Լոնտոնի մէջ, ամերիկեան աջակցութեամբ, հանդիպում ունեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու Իսրայէլի ռազմավարական ծրագրաւորման նախարարը։ Արաբական աղբիւրներու համաձայն՝ Իսրայէլ կը պահանջէ հարաւ–արեւմտեան ուղղութեամբ երեք ապառազմականացուած գօտիներու ստեղծում՝ տարբեր անվտանգութեան ռեժիմներով, կախեալ սահմանէն հեռաւորութենէն։ Սուրիոյ կողմը պիտի կարենայ տեղակայել ոստիկանութիւն, բայց օդային թռիչքներ արգիլուած պիտի ըլլան։ Իսկ Իսրայէլ պիտի պահէ վերահսկողութիւնը Հերմոն լեռան վրայ, զոր ստանձնած էր 2024-ի Դեկտեմբերին՝ Դամասկոսի իշխանափոխութեան ընթացքին։

 

Վերլուծութիւն մը

Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարըհի Նիւ Եորք կատարած այցելութիւնը կարելի է դիտարկել իբրեւ բազմաշերտ եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող դէպք։ Նախ, այս այցը կը համընկնի այնպիսի պահու մը, երբ Սուրիան ներքին ճգնաժամէ ու պատերազմական աւերներու մէջէն կը փորձէ նոր պետական օրակարգ ձեւաւորել։ Նոր ղեկավարութիւնը ունի իրաւազօրութեան հարց՝ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին հարթութիւններու վրայ։ ՄԱԿ-ի ամբիոնէն ելոյթ ունենալը ոչ միայն խորհրդանշական քայլ է, այլեւ փաստացի փորձ մըն է միջազգային ընտանիքին ներկայանալ իբրեւ օրինական իշխանութիւն։

Բացի այդ, Շարըհի մօտեցումները կը մատնանշեն յստակ ռազմավարական փոփոխութիւն։ Ասատեան վարչակարգին տարիներուն Սուրիան արտաքին աշխարհին կը ներկայանար իբրեւ ճակատման կողմ, որ կը պայքարէր ընդդէմ «աշխարհի անարդարութիւններու»։ Շարըհ սակայն կը փորձէ թելադրել այլ հռետորաբանութիւն․ Սուրիան պատրաստ է երկխօսութեան, պատրաստ է անվտանգութեան հարցերը զատորոշելու քաղաքական բարդ թեմաներէն, պատրաստ է գործակցութեան միջազգային ուժերու հետ։ Ասիկա իր հերթին կը նշանակէ, որ Դամասկոս կը որդեգրէ նոր մօտեցում, որ կրնայ միաժամանակ ամրապնդել եւ նուազեցնել իր դիրքերը՝ կախեալ թէ որքան յաջող պիտի ըլլայ միջազգային հարթակներու վրայ։

Նկատելի է նաեւ, որ Շարըհի այցը կը դնէ Սուրիան Մերձաւոր Արեւելքի վերաձեւուող ուժային քարտէզին վրայ ։ Մինչ Ասատը իր գոյութիւնը կը կապէր իրանեան եւ ռուսական աջակցութիւն, Շարըհ կը փորձէ հաւասարակշռուած խաղ մը վարել․ միաժամանակ չկտրելով կապերը տարածաշրջանային աւանդական դաշնակիցներուն հետ, բայց նաեւ դուռ բանալով Արեւմուտքի առջեւ։ Այսպիսի մօտեցումը կրնայ ապագային Սուրիոյ համար դառնալ կամ հսկայական հնարաւորութիւն, կամ նոր վտանգ, որովհետեւ ուժային ճամբարներու միջեւ ճկունութիւն պահելը միշտ ալ ունի գին։

Վերջապէս, Սուրիա–Իսրայէլ «անվտանգութեան համաձայնագիր»ի մասին քննարկումները կը յուշեն, որ նոր իշխանութիւնը կը փնտռէ իր գոյատեւման ռազմավարական ուժեղ երաշխիքներ։ Թէեւ շեշտադրուած է, որ համաձայնագիրը չի նշանակեր լիարժէք յարաբերութիւններու կարգաւորում, սակայն ինքնին փաստը, որ նման քննարկում գոյութիւն ունի, կը ցոյց տայ տարածաշրջանի նոր տրամադրութիւնները։ Տարիներ շարունակ Դամասկոս–Թէլ Աւիւ կապը կը սահմանափակուէր միայն ռազմական թշնամանքով։ Այսօր օրակարգին մէջ կարելի է պատկերացնել «մինիմալ անվտանգութիւն»ի ապահովում։

Այս ամէնը կը վկայեն, որ Սուրիան անցած է շրջադարձային փուլի մը․ միջազգային քաղաքականութեան մէջ այլեւս չի փափաքիր մենաւոր խաղացող ըլլալ, այլ կ՚ուզէ տեղ ունենալ ուժային նոր դասաւորութեան մէջ։ Շարըհի Նիւ Եորքեան ելոյթը, այս իմաստով, կրնայ դառնալ Սուրիոյ նոր դարաշրջանի սկիզբը։

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...