Երեւանի Ապագայի Երաժշտութեան հիմնարկը (M4FF։ Music for Future Foundation) պիտի ներկայացնէ յատուկ նուագահանդէս մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18-ին, Լեքսինկթընի (Մասաչուսէց) «Սքոթիշ Ռայթ» թանգարան-գրադարանին մէջ։ Ութ տաղանդաւոր պատանի երաժիշտներ, ելոյթ պիտի ունենան։
Համերգը կազմակերպուած է Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին (FACS) կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն։
10-էն 18 գարուններ բոլորած երիտասարդներ են, որոնք պիտի ցուցադրեն իրենց ձիրքը՝ մենակատարութեամբ եւ համախումբ ելոյթներով։
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ գործեր Պապաճանեանէն, Պեթհովենէն, Շոփենէն, Տվորիաքէն, Խաչատուրեանէն, Լիսթէն, Ռախմանինովէն եւ Սէն-Սանսէն։ Առաջին անգամ ըլլալով, կարելի պիտի ըլլայ ունկնդրել Պոսթընի մէջ ուսանողներ՝ Եուրի Գէորգեանի «Սէրենատ՝ սաքսոֆոնի համար»-ը եւ Առնօ Մելքոնեանի Արցախին նուիրուած դաշնամուրային ստեղծագործութիւնը։ Նաեւ, ներկայ պիտի ըլլայ միջազգային ջութակահար Արա Գրիգորեան։
Հասոյթը պիտի տրամադրուի այս հիմնարկին, որուն առաքելութիւնն է քաջալերել Հայաստանի շնորհալի երիտասարդ երաժիշտները, եւ ապահովել անոնց համար յաւելեալ ուսման մասնագիտութիւն։
Հիմնադրամը 2019-ին ստեղծուեցաւ Սերգէյ Սմբատեանի կողմէ, որ Հայաստանի Պետական «Սիմֆոնիք» Նուագախումբին եւ գեղարուեստական ղեկավարն է։
«Մեր առաքելութիւնն ու նպատակը երիտասարդ տաղանդներու խնամքն ու ուսման հնարաւորութիւնները ընդլայնելն է եւ անոնց ուղղութիւն տալ՝ իրենց երաժշտական ասպարէզներուն մէջ յաջողութեան հասնելու համար», կը յայտնէ Սմբատեան, որ միեւնոյն ժամանակ Մալթայի «Ֆիլհարմոնիք» նուագախումբին գլխաւոր ղեկավարն է։
Այս հիմնարկին երիտասարդ աստղերը ընդունուած են աշխարհի ամենէն աւելի նշանաւոր երաժշտական հաստատութիւնները, որոնց կարգին Վիեննայի, Քէօլնի, Լոնտոնի, Ցիւրիխի, Զաղրէպի եւ Սալզպուրկի երաժշտանոցները։ Անոնք կը ստանան մասնագիտական պատրաստութիւն, կը մասնակցին միջազգային ելոյթներու եւ յատուկ դասընթացքներու՝ նշանաւոր երաժիշտներու հետ, ինչպէս նաեւ երաժշտական փառատօններու, որոնք առաջին քայլը կը նկատուին, ապագային հանրահռչակ դառնալու։
2020-ի առաջին շրջանաւարտներէն ի վեր, ութսունէ աւելի թոշակառուներ արդէն մասնակցած են ծրագրին՝ ելոյթ ունենալով Հայաստանի, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի փառատօններուն, որոնց կարգին Լիվորնոյի երաժշտական փառատօնը (Իտալիա), միջազգային երիտասարդ նուագախումբերու փառատօնը (Ռուսիա) եւ Միջին Արեւելքի դասական երաժշտութեան ակադեմիան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)։ Աշակերտները շահած են նաեւ մրցանակներ՝ միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու ընթացքին։
Համերգէն ետք, բոլոր ներկաները հրաւիրուած են ընդունելութեան՝ թանգարանին մէջ, ուր հնարաւոր պիտի ունենան յաւելեալ զրոյցի եւ ծանօթացման։
Տոմսերու վաճառքի եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել․- www.facsboston.org