Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան տօնական օրերու առթիւ այցելութիւններ տուած է Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանատուներ։
Այցելութեանց մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝
Սրբազան Հայրը կ'այցելէ Հայաստանի եւ Լիբանանի Դեսպանները
Հինգշաբթի 9 Յունուար 2025-ին, թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Քաթարի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամներ՝ Բժշկ.Հրաչ Բարսէղեան եւ Պրն.Սահակ Խաչատուրեան, Ազգային Գործադիր Մարմնի անդամ՝ Պրն. Ալեքս Պուարի, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ նորանշանակ դեսպան՝ Պրն. Տիգրան Գէւորգեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը նորանշանակ դեսպանին դիւանագիտական առաքելութեան յաջողութիւն մաղթեց, ինչպէս նաեւ իր զօրակցութիւնը փոխանցեց դեսպանին յայտնելով որ Ծոցի տարածաշրջանէն ներս Հայաստանի դեսպանատուները կարեւոր գործ ունին կատարելիք, մասնաւորաբար յարաբերութիւններ մշակելու եւ տնտեսական լայն կարելիութիւններով օժանդակելու հայրենիքին:
Պրն. դեսպանը իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան, յայտնելով դեսպանատան պատրաստակամութիւնը եւ զօրակցութիւնը Քաթարի մէջ հաստատուած հայ համայնքին ու անոր գործունէութեան:
Նոյն օրը Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Հիւպատոս` Պրն. Շանթ Վարդանդաի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Տոհայի հայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:
Այս առիթով Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց Պրն. հիւպատոսին որ իր նշանակումէն մինչեւ օրս. Լիբանանեան Դեսպանին գիտակցութեամբ մեծապէս կ'օժանդակէ հայ համայնքի գործունէութեան:
Պրն. Հիւպատոս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր այցելութեան, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց Լիբանանի դեսպանատան զօրակցութիւնը հայ համայնքի աշխատանքին եւ ծրագիրներուն: