image

Սպաննուեցաւ Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամէնիին

  Սպաննուեցաւ Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամէնիին

Նշենք նաեւ, որ լուրի հրապարակումէն անմիջապէս ետք Իրանը 40-օրեայ սուգ յայտարարեց, իսկ յառաջիկայ 7 օրերու ընթացքին երկրին մէջ ոչ աշխատանքային օրեր են 

Բաւական երկար լռութիւնէ ետք Իրան յայտարարեց երկրի Գերագոյն Հոգեւոր Առաջնորդի սպանութեան մասին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն։

 Ստորեւ եղած հրապարակումը՝

 

 Իրանի պետական հեռուստատեսութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Գերագոյն առաջնորդ Սէյիտ Ալի Խամէնիին զոհուած է է իր պաշտօնական աշխատավայրին՝ «Առաջնորդութեան Տան» մէջ։

Նշուեցաւ, որ Սէյիտ Խամենէին զոհուած է իր պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ, եւ իր գրասենեակին մէջ գտնուելու ընթացքին, շաբաթ առաւօտեան վաղ ժամերուն տեղի ունեցած յարձակման հետեւանքով։

Իրանական «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը եւս հաղորդեց, թէ իսրայէլլեան յարձակման հետեւանքով զոհուած են նաեւ Սէյիտ Ալի Խամենէիի դուստրը, փեսան եւ թոռը։

 Նշենք նաեւ, որ լուրի հրապարակումէն անմիջապէս ետք Իրանը 40-օրեայ սուգ յայտարարեց, իսկ յառաջիկայ 7 օրերու ընթացքին երկրին մէջ ոչ աշխատանքային օրեր են