image

Իրան նոր տիպի հրթիռներ կ՝օգտագործէ

Իրան նոր տիպի հրթիռներ կ՝օգտագործէ

Իրան կը ծրագրէ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի դէմ գործողութիւններուն օգտագործել աւելի առաջադէմ հրթիռներ։

Մինչ այժմ օգտագործուած են հին նմուշներ։ Այս մասին հաղորդած է Fars գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի աղբիւրին։

«Հրթիռներու նոր սերունդը արդէն ճանապարհին է։ Կը սպասուի, որ առաջիկայ օրերուն օրակարգ մտնէ յարձակումներու նոր մօտեցում՝ աւելի առաջադէմ եւ քիչ օգտագործուած մեծ հեռահարութեան հրթիռներու կիրառմամբ»,- նշուած է գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Գործակալութեան տուեալներով՝ մինչ այժմ Իրանը հիմնականաբար օգտագործած է 2012-2014 թուականներու արտադրութեան հրթիռներ։ Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ տարբեր տեսակի հրթիռային համալիրներու արտադրութիւնը կը շարունակուի մշտական հիմունքներով։