Լիբանանի կրթական համակարգը կը շարունակէ մնալ երկրի ամենանուրբ օղակը եւ իւրաքանչիւր պատերազմի ժամանակ առաջին եւ վերջին տուժողները կ՚ըլլան աշակերտներն ու անոնց ծնողները, որոնք հազար կտոր կըլլան ապահովելու համար իրենց զաւակներուն արժանապատիւ կրթութիւն տալու մաքուր առաքելութիւնը...։
Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Այս բոլորին ներքոյ պարզ Լիբանանցին անգամ հարց պիտի տայ ... ո՞ւր է մեր պետութիւնը, ո՞ւր մնաց մեր պետութիւնը.եւն.,եւն., եւն...։
Լիբանանի մէջ լուրջ խօսակցութեան նիւթ դարձած է դպրոցներու վերաբացման հարցը։
Կրթական համակարգի (Ուսուցիչներու սենտիքան ի մասնաւորի) կարեւոր դէմքեր կարծիք յայտնած են, որ պատերազմական շրջաններ»էն հեռու գտնուող հատուածներու մէջ դպրոցները վերաբացուին եւ ամէն բան բնականոն հունով շարունակուի։
Կայ նաեւ առաջարկ, որ կրթական տարեշրջանի այս փուլը շարունակուի հեռավար կերպով. (որ շատերու կարծիքով, բաւական թերի է ու խոցելի)
Այլ շրջանակներ արդարացի մտավախութիւններ ունին, որ այս փուլին շատ մեծ սխալ կըլլայ կրթական կեանքին վերադառնալը...։
Տակաւին չեմ խօսիր կարգ մը շրջաններու դպրոցներուն մասին, որ դարձած են, կամ ալ կրնան դառնալ գաղթական դարձած հարաւցիներու ժամանակաւոր «կեցավայր»։
Յստակ որոշում դեռ չկայ, բայց ըստ երեւոյթի կրթական տարեշրջանը կը գտնուի վտանգի տակ...։
Տխուր է, որ արդէն երեսուն եւ աւելի տարիներէ ի վեր Լիբանանի կրթական համակարգը կը շարունակէ մնալ երկրի ամենանուրբ օղակը եւ իւրաքանչիւր պատերազմի ժամանակ առաջին եւ վերջին տուժողները կ՚ըլլան աշակերտներն ու անոնց ծնողները, որոնք հազար կտոր կըլլան ապահովելու համար իրենց զաւակներուն արժանապատիւ կրթութիւն տալու մաքուր առաքելութիւնը...։
Այս բոլորին ներքոյ պարզ Լիբանանցին անգամ հարց պիտի տայ ... ո՞ւր է մեր պետութիւնը, ո՞ւր մնաց մեր պետութիւնը.եւն.,եւն., եւն...։