image

Իրանի առաջնորդներու խորհուրդը քննարկած է նոր գերագոյն առաջնորդի ընտրութեան

Իրանի առաջնորդներու խորհուրդը քննարկած է նոր գերագոյն առաջնորդի ընտրութեան

Իրանի առաջնորդութեան խորհուրդը հանդիպած է եւ քննարկած, թէ ինչպէս կայացնել երկրի Փորձագէտներու ժողովի նիստը, որ պիտի ընտրէ երկրի նոր գերագոյն առաջնորդը։ Այս մասին կը հաղորդէ The Associated Press-ը՝ վկայակոչելով Իրանի պետական հեռուստատեսութիւնը։

 

Առաջնորդներու խորհուրդի կազմին մէջ են նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը, դատական իշխանութեան ղեկավար Ղոլամ Հոսէյն Մոհսենի Էճեհին եւ հոգեւորական այաթոլլա Ալի Ռեզա Արաֆին։

Սակայն գերագոյն առաջնորդի ընտրութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

 

Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլական օդային հարուածներու ընթացքին հարուածի ենթարկուած են Փորձագէտներու ժողովին հետ կապուած շէնքերը։ Հարուածներու հետեւանքով սպաննուած է Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին։ Ան Իրանը ղեկավարած էր 37 տարի՝ 1989 թուականին Իսլամական Հանրապետութեան հիմնադիր Իմամ Խոմէյնիի մահէն ետք։