Ալպանիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան ներկայիս շատ լաւ ընթացքը պիտի պահպանուի նաեւ ապագային։ Այդ մասին յայտարարած է Ալպանիոյ նախագահ Պայրամ Պեկայը՝ Պաքուի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք։
«Ալպանիան մշտապէս աջակցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերու կատարման»,- ըսած է Պեկայ։
Ան նշած է նաեւ, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման՝ վստահելի գործընկերներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջնորդութեամբ։