Տարածաշրջանային այցի շրջագիծէն ներս Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆ Պաքուի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, ապա ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, կը յայտնեն Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրները:
Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆ յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի պաշտօնեաներու հետ բանակցութիւններ պիտի վարէ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Ղարաբաղի տարածքի վերակառուցման եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանելուն ուղղուած համագործակցութեան հարցերու շուրջ:
Զարիֆը 27 յունուարին պիտի այցելէ Երեւան, նաեւ Թիֆլիս եւ Մոսկուա:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ