image

Իրանի փոխնախագահ Զարիֆը հրաժարած է

Իրանի փոխնախագահ Զարիֆը հրաժարած է

Իրանի՝ ռազմավարական հարցերով փոխնախագահ Մոհամմատ Ճավատ Զարիֆը, որ 2013-2021 թուականներուն զբաղցուցած է երկրի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը եւ հանդէս եկած Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու օգտին, հրաժարական տուած է ընդամէնը 10 օր պաշտօնավարելէ ետք: Այս մասին Զարիֆ գրած է X-ի իր էջին։

«Ես բաւարարուած չեմ (խմբ.՝ նախարարներու նոր գրասենեակի ձեւաւորման խորհրդատուական խորհուրդի ղեկավարի) աշխատանքիս արդիւնքէն։ Այլ խնդիրներու հետ մէկտեղ սա զիս ստիպեց շարունակել իմ ուղին համալսարանէն ներս», - գրած է ան: 

Խօսքը կը վերաբերի խորհրդատուական խորհուրդին, որ Զարիֆ գլխաւորած է յուլիս 5-ին Իրանի նախագահական ընտրութիւններուն Մասուտ Փեզեշքիանի յաղթանակէն անմիջապէս ետք։ Զարիֆը պատասխանատու էր նոր գրասենեակի թեկնածուներու ընտրութեան համար, որ օգոստոս 11-ին ներկայացուած էր խորհրդարանի հաստատման:

Զարիֆ՝ իսլամական հանրապետութեան բարեփոխիչներու թեւի ներկայացուցիչը, կը համարուի Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութեան գլխաւոր կողմնակիցներէն մէկը, որու համար անոր կը քննադատեն իրանցի պահպանողականները։ Դիւանագէտն աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է 2015 թուականին Թեհրանի միջուկային ծրագրի շուրջ համաձայնագրի մշակման ու կնքման։ 

Ընտրութիւններուն Փեզեշքիանի յաղթանակէն ետք Զարիֆը յայտարարած էր, որ նոր նախագահը պատրաստակամ է վերականգնելու Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրը։