image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ. Լաչինը եւ Քելբաջարը կը մնային հայերուն, եթէ...

Ալիեւ. Լաչինը եւ Քելբաջարը կը մնային հայերուն, եթէ...

 

Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ 10 նոյեմբերի 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը դարձաւ «Հայաստանի քափիփուլիացիայի ճանաչումը» եւ Ատրպէյճանին թոյլ տուաւ «վերադարձնել Լաչինի (Քաշաթաղ) եւ Քելբաջարի (Քարվաճառ) շրջանները: Այս մասին Քաշաթաղ այցի ժամանակ ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

 

«Բանակցութիւններու ընթացքին անոնք երբեք չէին ուզեր մեզի վերադարձնել Լաչինի եւ Քելբաջարի շրջանները: Սա բանակցութիւններուն մէջ համաձայնութեան բացակայութեան հիմնական պատճառն էր: Ցաւօք, Հայաստանը եւ անոր շարք մը արտասահմանեան հովանաւորները կը ձգտէին, որ Ատրպէյճանին վերադարձուէին 5 շրջանները, Ատրպէյճանը բաւարարուէր անով, եւ Լեռնային Ղարաբաղը այդպիսով անկախութիւն կը ստանար, իսկ Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջանները կը մնային Հայաստանի յաւերժական վերահսկողութեան տակ: Բայց ես մերժեցի այս առաջարկը»,- ըսած է ան: