Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Truth Social ընկերային ցանցով յայտնած է, որ նամակ ուղարկած է ՆԱԹՕ-ի երկիրներուն եւ «ամբողջ աշխարհին»՝ կոչ ընելով անոնց դադրեցնելու ռուսական նաւթի գնումը։
Ըստ նամակի բովանդակութեան՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահը համաձայն է Ռուսիոյ դէմ «լուրջ» պատժամիջոցներ կիրառել միայն այն պարագային, եթէ ՆԱԹՕ-ի բոլոր երկիրները համաձայնին եւ սկսին ընել նոյնը՝ դադրեցնելով Ռուսիայէն նաւթ գնել։
«Ինչպէս գիտէք, ՆԱԹՕ-ի յաղթանակի ձգտումը հեռու եղած է 100%-էն եւ անոնցմէ շատերու կողմէ ռուսական նաւթի գնումը ցնցիչ է։ Ասիկա զգալիօրէն կը թուլցնէ Ռուսիոյ հետ ձեր բանակցային դիրքը եւ բանակցային ուժը։ Ամէն պարագային, ես պատրաստ եմ «երթալ», երբ դուք պատրաստ ըլլաք։ Պարզապէս ըսէք՝ երբ։ Ես կը կարծեմ, որ այս մէկը եւ ՆԱԹՕ-ի կողմէ որպէս խումբ Չինաստանի վրայ 50-100% մաքսատուրքեր սահմանելը, որոնք ամբողջութեամբ պիտի վերցուին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ պատերազմի աւարտէն յետոյ, նոյնպէս մեծ դեր պիտի խաղան այս մահացու, բայց անհեթեթ պատերազմի աւարտի գործին մէջ։ Չինաստանը ուժեղ վերահսկողութիւն եւ նոյնիսկ իշխանութիւն ունի Ռուսիոյ նկատմամբ եւ այս հզօր մաքսատուրքերը պիտի ոչնչացնեն այդ իշխանութիւնը», - նամակէն մէջբերած է Թրամփ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ այս պատերազմը «Պայտընի եւ Զելենսքիի պատերազմն է»։
«Եթէ ՆԱԹՕ ընէ այն, ինչ ես կ'ըսեմ, պատերազմը շատ արագ կ'աւարտի եւ այդ բոլոր կեանքերը կը փրկուին։ Եթէ ոչ, ուրեմն դուք պարզապէս ի զուր կը վատնէք իմ ժամանակը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ժամանակը, ուժը եւ գումարը», - նշած է Թրամփ։