image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հնգեակը եւ խորհրդարանի նախագահին նախաձեռնութիւնը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հնգեակը եւ խորհրդարանի նախագահին նախաձեռնութիւնը

Այստեղ ամէնէն յատկանշականը Ուաշինկթընի ներկայացուցիչին հաստատումն է. լիբանանցները վստահած են խորհրդարանին:

Ֆրանսայէն եւ հնգեակէն առաջ խորհրդարանին, հետեւաբար` խորհրդարանի նախագահին նախաձեռնութեան զօրակցելու յայտարարութիւն կատարած էր ամերիկացի դիւանագէտը, Պէյրութի մէջ:

Հնգեակէն` Ուաշինկթընի, Փարիզի եւ Ռիատի քայլերու համակարգում կը նկատուի այս ուղղութեամբ:

Եթէ իսկապէս հնգեակը որոշած է յաջողցնել երկխօսութիւնը, ներլիբանանեան մերժողականութիւնը կը դիմանա՞յ այդ պահանջի ճնշումին:

Երկխօսութիւնը կրնայ կայանալ: Խնդիրը այդ երկխօսութենէն գոյանալիք համաձայնութիւնն է:

Եթէ կայ միջազգային համաձայնութիւն, այդ օրակարգը եւս կ՛արագանայ:

Վարագոյրը իջաւ ֆրանսացի պատուիրակին Պէյրութ կատարած հերթական գործուղման արարին վրայ: Բնականաբար, կախարդական փայտիկի տեսութիւնը պիտի չաշխատէր այս փուլին եւս եւ այնպէս չէր ակնկալուեր, որ յանկարծակի համախոհութիւն պիտի գոյանար նախագահի թեկնածուի մը շուրջ:

Աւանդութիւնը իր հանգրուանային դրսեւորումը ունեցաւ: Հանդիպում բոլոր կողմերուն հետ, երկխօսութեան սեղանի շուրջ համախմբուելու եւ համախոհութեան յանգելու կոչեր: Նոյնիսկ վերջնագիրի բնոյթը աւանդական տեսք ունի, երբ պատուիրակը կ՛ընդգծէ, թէ երկխօսութեան չկայանալը Լիբանանի համար գոյութենական սպառնալիք է:

Երկխօսութեան առաջադրանքը զուտ ֆրանսական չէ, հնգեակի հովանաւորութիւնը կը վայելէ: Աւելի՛ն. հնգեակի նախաձեռնութիւնն է:

Նկատառելին այն է, որ հնգեակի առաջադրանքն ու նախաձեռութիւնը կը համատեղուին խորհրդարանի նախագահի առած քայլին:

Երկխօսութեան կայացման շուրջ տակաւին ընդհանուր համաձայնութիւն չկայ: Սակայն դիտարկելին այն է, որ նախկին մերժողականութեան նոյն շեշտադրումները եւս չկան:

Եթէ իրօք հնգեակի առաջադրանք է երկխօսութիւնը, ապա կը նշանակէ, որ լիբանանեան կողմերը ոչ միայն մերժողական են խորհրդարանի նախագահի առած քայլին, այլ նաեւ` միջազգային ընտանիքի լիազօրութիւնը ստացած հնգեակին:

Կրնայ առարկուիլ, որ հնգեակէն կը բացակայի գլխաւոր խաղցող Իրանը: Երեւութական այդ բացը ամբողջացած է նախաձեռնութիւններու համատեղումով: Ի վերջոյ խորհրդարանի նախագահը կը պատկանի այն համայնքին, որուն արեւելումը շատ յստակ է:

Ֆրանսացի պատուիրակին գործուղման առընթեր նկատուեցաւ սէուտական դիւանագիտութեան աշխուժացումը: Շաբաթ մը առաջ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատարին այցելութիւնը Ռիատ եւ այդ առիթով ֆինանսական համակարգի փուլային վերականգնումի ակնկարկութիւնները այդ կը յուշեն: Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին առած քայլերը, յատկապէս սիւննի համայնքի բաղկացուցիչ տարրերը համախմբելու առումով, այդ երկրի դերակատարութեան ցուցադրական վերադարձի կարեւոր նախադրեալներ են:

Չմոռնանք, որ այս բոլորին նախորդած էր ամերիկացի դիւանագէտին այցելութիւնը: Ծովային սահմանազատման գործընթացին միջնորդած բարձրաստիճան պաշտօնատարը անդրադարձած էր նաեւ նախագահ ընտրելու անհրաժեշտութեան:

Վերստին մէջբերենք ամերիկացի պատուիրակին կատարած յայտարարութեան հետեւեալ բաժինը. «լիբանանցիները վստահած են խորհրդարանին, որպէսզի ընտրէ հանրապետութեան նախագահ, որ պէտք է համախմբէ լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ գործակցի` ապահովելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտին տրամադրելիք վարկերը»:

«Ա.»